Յառաջիկայ Տարուընէ Սկսեալ «Էր Ֆրանս» Փարիզ – Երեւան Շաբաթական 6 Թռիչք Կ՛իրականացնէ
2014-ի մայիսէն սկսեալ ֆրանսական «Էր Ֆրանս» օդանաւային ընկերութիւնը արդէն շաբաթական վեց թռիչք պիտի իրականացնէ Փարիզէն Երեւան եւ հակառակ ուղղութեամբ, իսկ 2014 թուականի յուլիս-օգոստոս ամիսներուն, ընդհանրապէս շաբթուան բոլոր օրերուն թռիչքներ պիտի իրականանան, լրագրողներուն երէկ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեցին «Եւրոպա» պանդոկի եւ «Էքզեքիութիվ Թրեվըլ» ու «Սապերաթուր-Սեւան» զբօսաշրջական ընկերութիւններու հիմնադիր նախագահ Լեւոն Պաղտասարեանն ու հիմնադիր Վարուժան Սարգսեանը:
«Էքզեքիութիվ Թրեվըլ» ընկերութիւնը հիմնադրուած է 2006 թուականին եւ կը հանդիսանայ «Էր Ֆրանս» եւ «Քա. Էլ. Էմ.» օդանաւային ընկերութիւններու պաշտօնական ներկայացուցիչը: Ընկերութեան հիմնադրման սկզբնական ժամանակաշրջանին «Էր Ֆրանս» իրականացուցած է շաբաթական 3 թռիչք, յետոյ` 4 թռիչք, իսկ հիմա, ներկայացուցիչի երկար բանակցութիւններէն ետք յաջողած է համոզել օդանաւային ընկերութիւնը յառաջիկայ տարուընէ սկսեալ իրականացնել շաբաթական 6 թռիչք, իսկ ամրան երկու ամիսներուն` շաբաթական 7 թռիչք` ամէն օր:
«Նստատեղերու շատացման պարագային արդէն տոմսերն ալ պիտի աժաննան», այս առումով նշեց Լեւոն Պաղտասարեան:
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անրի Ռենօ, ոգեւորուելով այս իրողութենէն, լրագրողներուն ներկայացուց, որ «Էր Ֆրանս»-ը Ֆրանսայի ամէնէն դժուար համոզուող ընկերութիւնն է, եւ իր յարգանքն ու հիացմունքը յայտնեց գործարարներուն նկատմամբ եւ նշեց. «Եթէ կրցած էք համոզել «Էր Ֆրանս»-ը ոչ միայն յուլիս-օգոստոս, այլեւ մնացեալ ամիսներուն ալ ամէնօրեայ թռիչքներ կատարելու Հայաստան, ես այդ ուրախ լուրը կը տօնեմ ձեզի հետ միասին` շամփայնով»:
Լրագրողները Լեւոն Պաղտասարեանէն հետաքրքրուեցան, թէ Ֆրանսայէն տարեկան որքա՛ն զբօսաշրջիկ կու գայ Հայաստան: Ան պատասխանելով նշեց, թէ յստակ թիւ ըսելը այժմ դժուար է, բայց վստահեցուց, որ զբօսաշրջիկներուն թիւը տարեկան 10-15 առ հարիւրով աճ կ՛արձանագրէ:
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանն ալ նշեց, որ երկուստեք այցելութիւնները բաւական աւելցած են ու պատահական չէ, որ «Էր Ֆրանս»-ը համաձայնած է շաբաթական թռիչքներու թիւը աւելցնել: Դեսպանը նշեց, որ եթէ զբօսաշրջիկներու թիւը աւելցած չըլլար, ընկերութիւնը թռիչքները չէր աւելցներ:
Անրի Ռենօ օգտուելով առիթէն, կոչ ուղղեց ներկաներուն, լրագրողներուն եւ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն, աւելի աշխուժ ըլլալու եւ այցելելու Ֆրանսա` Փարիզ. այս կոչին արձագանգեց պանդոկի եւ «Էքզեքիութիվ Թրեվըլ» ու «Սապերաթուր-Սեւան» զբօսաշրջական ընկերութիւններու հիմնադիր Վարուժան Սարգսեան` շեշտելով, որ դեսպանին լուրը շատ հաճելի է, բայց որպէսզի կարենան աւելի շատ զբօսաշրջիկ տանիլ Ֆրանսա, վատ չէր ըլլար այցեգիրի հետ կապուած հարցերը քիչ մը դիւրացնել, քանի որ վիզայի հարցը ամէնէն խնդրայարոյցներէն է: Ան յոյս յայտնեց, որ այդպէս ալ ըլլայ:
Անրի Ռենօ կոչ ուղղելէ ետք, որ դէպի Ֆրանսա այցելութիւնները աւելնան, ըսաւ, որ այցեգիր ստանալու պայմաններու առումով ֆրանսական դեսպանատունը նման բոլոր կարգի միւս ծառայութիւններու շարքին յառաջատար դիրքերու վրայ է, քանի որ այստեղ արտօնագիր ստանալու ընթացակարգերը բաւականին կարճ կը տեւեն: Եթէ բոլոր անհրաժեշտ փաստաթուղթերը ներկայացուին, ապա այցեգիր ստանալու դիմումին 3 օրէն կ՛արձագանգեն:
Անրի Ռենօ յիշեց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ վերջերս ստորագրուած ու վաւերացուած փաստաթուղթը, որով հասարակութեան որոշ խումբերու համար այցեգիրի դրութեան պայմանները կը մեղմացնեն: