«Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը Մեր Ցանկութիւնն Ու Տեսլականն Է» Ըսած Է Տաւութօղլու

DavutogluԹրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ իրենց ցանկութիւնն ու տեսլականը հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումն է ու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խնդիրներու լուծումը:

Տաւութօղլու մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձած է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ Հայաստան հրաւիրուելուն: Ան նշած է, որ ատիկա սովորական արարողակարգային հրաւէր է եւ պէտք չէ ատոր յատուկ ուշադրութիւն դարձնել:

«Մեր ցանկութիւնը, գաղափարն ու տեսլականը հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումն է եւ Ազրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ խնդիրներու լուծումը, մէկ վայրկեան առաջ Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ եւ մնայուն խաղաղութեան հաստատումը: Ատոր համար պատրաստ ենք ընել որեւէ քայլ, որ անհրաժեշտ է», ըսած է Տաւութօղլու:

Սակայն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը չէ յստակացուցած, թէ 12 դեկտեմբերին Երեւան պիտի այցելէ՞, թէ՞ ոչ:

 

Share this Article
CATEGORIES