Կենսաթոշակային Համակարգին Ընդդիմացողները Կառավարութեան Շէնքին Մօտ Ցոյց Կատարեցին

(Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի)
Երէկ կենսաթոշակներու պարտադիր կուտակային համակարգին դէմ ցոյց մը դարձեալ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կառավարութեան շէնքին դիմաց:
Ցուցարարները կը պահանջէին հանել պարտադիր բաղադրիչը օրէնքէն, գոնէ մէկ տարիով յետաձգել օրէնքի գործադրումը` այդ ընթացքին անոր մէջ առկայ հակաիրաւական հարցերուն լուծում տալու ակնկալիքով:
«Այս օրէնքը կը պատճառէ ծայրայեղ վատ հետեւանքներ: Այդ պատճառով մենք բոլորս իրարու հետ կողք-կողքի եկած ենք այստեղ, որպէսզի կառավարութեան ուղիղ խօսք ըսենք` յետս կոչելու օրէնքը, մենք դէմ ենք պարտադիր կուտակային կենսաթոշակներուն: Կուտակային կենսաթոշակներու պարտադիր օրէնքը կը վատացնէ մարդոց ներկայ ընկերային իրավիճակը, քանի որ մարդոց աշխատավարձերը կը պակսին: Մարդիկ վստահութիւն չունին, որ թոշակի տեսքով գալիք դրամը, պիտի գայ», բարձրախօսով յայտարարեց բողոքի ցոյցի մասնակիցներէն մէկը:
Ցոյցի մասնակիցները ընդդիմադիր պատգամաւորներէն խնդրեցին անգամ մը եւս արտակարգ նիստ հրաւիրելու պահանջով ստորագրահաւաք կազմակերպել: Երէկ ալ կառավարութեան դիմելով պահանջեցին յառաջիկայ նիստերէն մէկուն օրակարգին մէջ ներառել պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի հարցը:
Սակայն այս կոչերը կառավարութեան ուշադրութեան չարժանացան: Ցուցարարները յաջողեցան միայն նամակ մը յանձնել կառավարութեան ներկայացուցիչին, իսկ անոր մուտքը կառավարութեան շէնք ուղեկցուեցաւ սուլոցներով: