Էշթըն Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպումը «Յուսադրող» Նկատած Է
«Եուրոփա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բարձր յանձնակատար Քեթրին Էշթըն 19 նոյեմբերին Վիեննայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի ու Իլհամ Ալիեւի հանդիպումին վերաբերեալ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որ ներկայացուցած է անոր բանբերը.
«Քեթրին Էշթըն կ՛ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի 19 նոյեմբերի հանդիպումը` գոհունակութիւն յայտնելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն` բարձր մակարդակով հանդիպումներու վերսկսման նպատակով գործադրած ջանքերուն համար»:
Բանբերը նշած է, որ բանակցային հոլովոյթը յառաջ տանելու եւ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին դարձեալ հանդիպելու վերաբերեալ նախագահներու ձեռք բերած համաձայնութիւնը յուսադրող է:
«Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին», ըսած է ան:

