Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցական Ուղերձ Կը Յղէ Իրանի Եւ Լիբանանի Նախագահներուն
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիրներ յղեց Լիբանանի եւ Իրանի նախագահներ Միշել Սլէյմանին եւ Հասան Ռուհանիին` Պէյրութի մէջ Իրանի դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան առիթով:
Նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ իր ուղերձին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան խստօրէն դատապարտած է այդ ահաւոր ոճիրը, որ պատճառ դարձած է աւելի քան 20 անձերու մահուան, աւելի քան հարիւր վիրաւորներու, ինչպէս նաեւ Իրանի մշակութային հարցերով կցորդի մահուան:
«Հանրապետութեան նախագահը իր վշտակցութիւնը յայտնած է բարեկամ Լիբանանի եւ Իրանի կառավարութիւններուն եւ ժողովուրդներուն` զոհերու հարազատներուն մաղթելով տոկունութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում», ըսուած է Հայաստանի նախագահի ցաւակցական ուղերձին մէջ:
CATEGORIES Հայկական

