Նալբանդեան Ընդունեց Կարմիր Խաչի Ներկայացուցիչը

Nalbandian_ICRCՀայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչ Լորան Քորպազը:

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան գոհունակութիւն յայտնեց կազմակերպութեան` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին հետ առնչուող մարդասիրական գործունէութեան առիթով:

Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստանի եւ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )