Խմբագրական. Լիբանանեան Փորձադաշտը Եւ Դէպի Ինքնիշխանութիւն Ձգտելու Նախապայմանը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Այն պահուն, երբ լիբանանեան պետութիւնն ու բանակը կը նախապատրաստուէին տօնակատարելու Լիբանանի անկախութեան օրը, ահաբեկչական զոյգ եւ համաժամանակեայ արարքներ եկան ցնցելու ամբողջ երկիրը:
Հերթական անգամ, լիբանանեան հրապարակը ընտրուած էր քաղաքական թիրախ հարուածելու յարմարագոյն միջավայր: Շրջանային-միջազգային տարողութեամբ տարուող բանակցութիւններ, քաղաքական սակարկութիւններ, անոնցմէ բխած որոշ դրսեւորումներ, մերձեցումներ սկսած էին նախանշել գործընթացներու նոր ուղղութիւններ: Խօսքը առաւելաբար կը վերաբերի Թեհրան-Միացեալ Նահանգներ, Թեհրան-Մեծն Բրիտանիա կամ առհասարակ Թեհրան-Արեւմուտք յարաբերութիւններու նոր ոճի եւ նոր եղանակի ձեւաւորման սկզբնաւորութեան:
Յայտնապէս այս նոր ուղղութիւններու հազիւ տեսանելիութիւնը խանգարած էր այլոց հաշիւները: Սուրիական վարչակազմին դէմ սանձազերծելի ռազմական գործողութիւններու առկախումը, Թեհրանի կողմէ չափաւորականութեամբ յատկանշուող դրսեւորումները, միաժամանակ Թեհրանի հովանաւորութիւնն ու զօրակցութիւնը վայելող Հըզպալլայի ներգրաւումը սուրիական պատերազմին եւ գետնի վրայ հաւասարակշռութեան կտրուկ փոփոխութիւնը յառաջացուցած էին վերահաշուարկներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Եւ երբ տարածաշրջանային տարողութիւն կը ստանայ խնդիրը, հարցերու արծարծման կամ քաղաքական ուղերձներու յղումին համար կ՛ընտրուին փորձադաշտեր: Ահա նման տարածաշրջանային եւ միջազգային տարողութեամբ խնդիրներու արծարծման գործնական փորձադաշտ կը համարուի Լիբանանը, ուր տարբեր ուժերու ներկայացուցիչները կայք հաստատած են եւ ուր անդադար կ՛աշխատի քաղաքական տարրալուծարանը: Այստեղ կը բախին, կը համընկնին, կը հեռանան եւ կը մօտենան պետութիւններու շահեր, կը տարուին բանակցութիւններ, կը յղուին ուղերձներ` թէկուզ ռմբահարումներով, ականներով, անձնասպանական գործողութիւններով:
Քաղաքական փորձադաշտի վերածուած Լիբանանը կը նշէ անկախութեան տօնը: Դժուար է արժեւորել երկրի մը անկախութիւնը` նման պայմաններու մէջ: Մանաւանդ, երբ արտաքին ուժերու թափանցուածութեան այս համապատկերին առընթեր, մխիթարական չի նկատուիր ներքին իրավիճակը: Ի հարկէ այստեղ փոխկապակցուած են գործօնները: Արտաքին ուժերը ունին իրենց ազդեցութիւնները համայնքներուն կամ ներքին հոսանքներուն վրայ, եւ հեռակառավարումը կը շարունակէ արդիւնաւէտ աշխատիլ լիբանանեան բաց հրապարակին վրայ:
Ինքնիշխանութեան պահպանումը, մանաւանդ նման բարդ եւ անկանխատեսելի զարգացումներով յատկանշուող պայմաններու մէջ բացարձակօրէն պայմանաւորուած է համապետական եւ համահասարակական գիտակցութեամբ: Գիտակցութիւն հանդէպ` ազգ եւ պետութիւն յղացքներու շուրջ որոշ անհպելի սահմաններ ճշդելու, որմէ ետք սահմանազանցումներ չկատարելու սկզբունքներուն:
Երբ չկայ, չի գործեր միջհամայնքային այս ինքնագիտակցական բաղադրիչը, աւելի պարարտ կը դառնայ փորձադաշտի վերածուելու ենթահողը: Կը շարունակուին այլոց շահերու բախումներն ու քաղաքական պարանաձգութիւնները` դրսեւորուած նաեւ պայթունավտանգ կացութիւններու յառաջացումով:
Մինչ այժմ տեսանելի չի թուիր կառավարութեան կազմութիւնը: Լիբանանեան հորիզոնին վրայ չ՛երեւիր նաեւ ազգային երկխօսութեան վերաձեռնարկելու հնարաւորութիւնը: Երբ չկայ եւ չէ կայացած երկխօսութիւնը եւ անոր հիման վրայ գոյանալիք համալիբանանեան համաձայնութիւնը, դժուար թէ ամուր հիմերու վրայ յառաջանայ նոր կառավարութիւնը: Չէ բացառուած անշուշտ, որ հեռակառավարման համակարգը յանկարծակի կանաչ լոյսեր վառէ եւ արագ գործընթացներ սկսին աշխատիլ այս ուղղութեամբ: Բայց այդ մէկը արդէն կը խօսի պետական հաստատութիւններու դիւրաբեկութեան մասին եւ ոչ թէ` անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան պահպանման համար նպատակաուղղուած եւ գիտակցուած աշխատանքին:
Նման բարդ պայմաններու մէջ Լիբանան կը տօնակատարէ իր անկախութիւնը: Համալիբանանեան շահերու գերադասումը եւ դէպի այդ առաջադրանքը առնուած քայլերն են միայն, որ կրնան առաջին նախադրեալները նկատուիլ փորձադաշտի սահմաններէն դուրս գալու եւ լիբանանեան իրողական ինքնիշխանութեան ձգտելու:

