Անգարայի Մէջ. Թուրքիոյ Վարչապետարանին Առջեւ Ձերբակալութիւն
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իր վրան ռումբի նմանող սարք մը կրող անձ մը ձերբակալուեցաւ Անգարայի Վեքալեթլեր փողոցի ապահովութեան պատասխանատուներուն կողմէ, երբ փորձեց մուտք գործել Թուրքիոյ վարչապետարան:
Ըստ «Հիւրրիյեթ»-ի, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մուամմար Կիւլեր յայտնած է, որ անհատը ռումբ մը չէր կրեր եւ հոգեկան հարցերէ կը տառապէր:
Կասկածելին դէպքէն կարճ ժամանակ առաջ ոստիկանութեան յայտնած է, որ վարչապետարանին դէմ յարձակում պիտի գործէ:
Վարչապետարանի ապահովութեան պատասխանատուները ձերբակալած են 52-ամեայ Թուղրուլ Պայըրը, երբ ան մերժած է շէնքին մօտ զետեղուած անցարգելին վրայ ինքնութեան ստուգման համար կանգ առնել:
«Անատոլու» նախ հաղորդեց, որ կասկածելին հիւանդանոցի մէջ կը դարմանուի ոտքէն փամփուշտ ստանալէ ետք: Սակայն գործակալութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, որ ոստիկանները զինք ձերբակալած են երեք անգամ օդը կրակելէ ետք:_

