ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒ` ԴԱՆԻԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Դանիական մշակութային շաբթուան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ կարեւոր տեղ գրաւեց Հեծանիւի օրը: Դանիացի ժողովուրդին 30 առ հարիւրը, ներառեալ` նախարարներ, իրենց առօրեայ տեղափոխութեան համար կը գործածեն հեծանիւ, ինչ որ կը նպաստէ վառելանիւթի եւ նիւթական խնայողութեան, ապականումէ խուսափումին եւ մարդու առողջութեան:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ընդառաջեց Դանիոյ դեսպանին վերոյիշեալ իմաստալից եւ օրինակելի կոչին: Կազմուեցաւ 90 հոգիի հասնող խումբ մը, որ հանդարտ տողանցելով Պուրճ Համուտի փողոցներէն հասաւ «Պիել»ի համալիր:

Հեծելարշաւին մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի սկաուտներու փոքր ու պատանի 50 անդամներ: Խումբին առաջնորդութիւնն ու անվտանգութիւնը կամաւոր կերպով ստանձնեց արհեստավարժ հեծելանւորդներու «Կրին» խումբը, որ հեծելարշաւի ամբողջ ընթացքին զգուշացուց ճամբան երթեւեկող ինքնաշարժները եւ ապահովեց քառուղիները: Ներկայ էր Լիբանանահայ օգնութեան խաչի շտապ օգնութեան անձնակազմը` իր ինքնաշարժով բերելով անհրաժեշտ օգնութիւնը:

«Պիել»ի մէջ Դանիոյ դեսպանին ու իրեն հետ հեծանիւի խումբին միանալէ ետք ծովեզերեայ պտոյտ մը կատարուեցաւ:

Քաղաքներուն «ներքին թաղերուն մէջ տեղափոխուելու լաւագոյն միջոցը հեծանիւն է» կոչին մեծ թիւով պուրճ համուտցիներուն արձագանգը մեծապէս տպաւորեց դեսպան Եան Թոփ Քրիսթընսընը:

ԱՐՓԻ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES