«ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ – ԵՌԱԳՈՅՆ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ «ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՄԵՐԳ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, երէկ` ուրբաթ, 17 յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» քոլեճի ուսուցիչներուն համերգը` ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ մեծաթիւ արուեստագէտներու, արուեստասէրներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան խօսքը հայերէնով եւ անգլերէնով արտասանեց դոկտ. Սեպուհ Այնթապեան, որ նշեց, թէ այս նախաձեռնութեամբ կը վերականգնուի անցեալին գոյութիւն ունեցող աւանդութիւն մը, որ սիրուած եւ գնահատուած էր քոլեճի հիմնադրութեան տարիներէն:
Այնթապեան հաստատեց, որ այս ձեռնարկը ինքնանպատակ չէ, այլ` ծնողներուն եւ աշակերտներուն համար առիթ մըն է բեմին վրայ տեսնելու իրենց վաստակաշատ ուսուցիչները, որոնց կատարումները ոգեւորութիւն եւ եռանդ պիտի ներշնչեն: Ան աւելցուց, որ այս համերգով ուսուցիչները նաեւ կ’ունենան արհեստավարժ գործակցութիւն եւ բեմական վայելք` միաժամանակ քոլեճին մէջ ապրելով ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ: Իր խօսքին աւարտին Սեպուհ Այնթապեան շնորհակալութիւն յայտնեց քոլեճի տնօրէն Արմէն Քեչեկին եւ բոլոր այն ուսուցիչներուն, որոնք սիրայօժար մասնակցեցան այս համերգին:
Ապա ելոյթ ունեցան քոլեճի տնօրէն Արմէն Քեչեկն ու ուսուցչական կազմէն 13 երաժիշտներ (Յովիկ Գարախանեան, Գարունիկ Ղազարեան, Մայք Աշճեան, Մկրտիչ Միքայէլեան, Յակոբ Գելուկեան, Շողիկ Թորոսեան, Դալար Մանտոյեան, Հրաչ Իսահակեան, Անդրանիկ Գասպարեան, Անի Պալապանեան, Կարին Պօղոսեան, Լորի Եափուճեան եւ Յասմիկ Գասպարեան), որոնք նուագեցին ժողովրդային, դասական եւ ժամանակակից երաժշտութեան գոհարներ:
Ուսուցիչները ջութակով, կիթառով, դաշնակով, տուտուկով, սրինգով, քլարինեթով եւ երգեցողութեամբ նուագեցին 11 ստեղծագործութիւններ, որոնք ներկաներուն պարգեւեցին գեղարուեստական գոհունակութիւն: Երաժիշտները օտար հեղինակներու ստեղծագործութիւններուն կողքին նաեւ նուագեցին հայկական երաժշտութեան գոհարներէն «Քամանչա»ն, «Հորովել»ը, «Ծիծեռնակ»ը եւ այլն:
Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի այս համերգը իր որակով եկաւ հանդիսանալու անցեալին կատարուած ուսուցիչներու համերգներուն միջեւ կապը, որ անպայմանօրէն պէտք է վերստին վերածուի աւանդութեան: