ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Սթըրն եպիսկոպոսը եւ վեհափառը

Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Կաթողիկէ ամերիկեան մարդասիրական կազմակերպութեան ընդհանուր վարիչ Ռոպըրթ Սթըրն եպիսկոպոսին: Անոր կ՛ընկերակցէր Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Յորդանանի մասնաճիւղերու տնօրէն Իսամ Պշարա:

Միջին Արեւելք կատարած իր այցելութիւններուն եւ հանդիպումներուն ծիրին մէջ Սթըրն եպիսկոպոսին այցելութիւնը Անթիլիաս նպատակ ունէր վեհափառին արժեւորումը եւ տեսակէտը ունենալ ընդհանրապէս շրջանին մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումներուն ու մասնաւորաբար քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ:

Վեհափառը նախ ճիշդ չնկատեց Արեւմուտքի մէջ տիրող այն ընդհանուր մտահոգութիւնը, թէ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութիւնը վտանգուած է: Ան ըսաւ. «Պատմութեան ընթացքին քրիստոնեայ եկեղեցիներ շատ աւելի ծանր կացութիւններ դիմագրաւած են. հոս ու հոն տեղի ունեցող մանր միջադէպերը պէտք չէ ընդհանրացնել եւ զանոնք բնութագրել իբրեւ հակաքրիստոնէական արարք: Երկար տարիներ քրիստոնեայ ու իսլամ համայնքները գոյակցած են: Ներկայ պայմաններուն ու մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ, անհրաժեշտ է որ երկու կրօններու գոյակցութիւնը աւելի ամրապնդուի հասարակաց արժէքներու ու մտահոգութիւններու խորքին վրայ»:

Ապա վեհափառը շեշտեց քրիստոնեայ եկեղեցիներու միասնականութիւնը գործնապէս արտայայտելու հրամայականը` միաժամանակ անհրաժեշտ նկատելով իւրաքանչիւր քրիստոնեայ համայնքին մէջ վերանորոգման ու ներքին վկայութեան եւ ծառայութեան հզօրացման կարիքը: Այս աշխատանքներուն մէջ վեհափառը յիշեցուց, որ արեւմտեան եկեղեցիները պէտք է աջակցին շրջանի եկեղեցիներուն` բնականաբար առանց միջամտելու անոնց ներքին կեանքին:

 

Share this Article
CATEGORIES