50 Տարի Առաջ (25 Նոյեմբեր 1963)
Համայն Աշխարհ Անպատում Սուգի Մատնուած
Նախագահ Ճոն Քենետի Սպաննուեցաւ
Ահաբեկիչի Մը Կողմէ
Ոճրագործը` 24-Ամեայ Լի Օզվըլտ, Որ Ձերբակալուեցաւ
Երկու Ժամ Ետք, Նախագահը Սպաննեց Քունքին Հասցուած
Հրացանի Գնդակով Մը, Երբ Քենետի Կնոջը Հետ
Կ՛երթար Ճաշկերոյթի Մը, Տալլասի Մէջ
Փոխնախագահ Լինտըն Ճոնսըն
Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Հռչակուեցաւ
Համայն աշխարհ խոր սուգի մատնուեցաւ երէկ գիշեր` իմանալով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճոն Ֆիցճերըլտ Քենետիի սպանութեան սահմռկեցուցիչ լուրը: Աշխարհի ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի բոլոր կայանները ընդհատեցին իրենց հաղորդումները` գուժելու համար մահը երիտասարդ նախագահին, որ նուազ քան երեք տարուան իր պաշտօնավարութեան շրջանին կրցած էր արժանանալ ոչ միայն իր ժողովուրդին, այլ նաեւ այլ ժողովուրդներու սիրոյն եւ յարգանքին:
Մահափորձը տեղի ունեցաւ Թեքսաս նահանգի Տալլաս քաղաքին մէջ, երբ նախագահ Քենետի վրան բաց ինքնաշարժով մը, կողքին ունենալով տիկին Քենետին, փոխ նախագահ Լինտըն Ճոնսընը եւ Թեքսասի կառավարիչ Ճոն Քոնոլլին, կ՛երթար ի պատիւ իրեն տրուելիք ճաշկերոյթի մը:
Ոճրագործը` 24 տարեկան երիտասարդ մը` Լի Հ. Օզվըլտ, որ պիտի ձերբակալուէր հազիւ ժամ մը ետք, նախագահին վրայ կրակած է շէնքի մը երկրորդ յարկի պատուհանէն, հրացանով մը: Նախագահը գլխէն գնդակ մը ստանալով ինկած է նստարանին վրայ, գլուխը առաջ: Վիրաւորուած է նաեւ Քոնոլլի: Տիկին Քենետի, ամուսնին վիրաւորուիլը տեսնելով, ինկած է վրան` «Օ՜, ոչ» պոռալով: Նոյն ատեն, սպաննուած են նաեւ ապահովութեան պաշտօնեայ մը եւ ոստիկան մը:
Նախագահը իսկոյն փոխադրուած է Փարքլենտի հիւանդանոցը` առատօրէն արիւն կորսնցնելով: Բազմաթիւ անգամներ արեան ներարկում եղած է` փրկելու համար թանկագին կեանքը, բայց ի զուր: Առանց երբեք ուշքը վերագտնելու` նախագահը հոգին աւանդած է ժամը 9:00-ին (Պէյրութի ժամ):
Նախագահին մահուան լուրը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ Միացեալ Նահանգներու բոլոր կողմերը, ուր հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի բոլոր կայանները միաժամանակ ընդհատեցին իրենց հաղորդումները` գուժելու համար մահը:
Ժամը 10:30-ին, նախագահին մարմինը դուրս հանուեցաւ հիւանդանոցէն, հիւանդատար կառքով մը, ուր նստած էր նաեւ տիկին Քենետի:
Տալլասի օդակայանը տարուելով` նախագահին մարմինը օդանաւ դրուեցաւ եւ ճամբայ հանուեցաւ Ուաշինկթըն, ուր հասաւ շաբաթ առտու ժամը 20:05-ին:
ՏԱԼԼԱՍ, 22 (ԱՖՓ).- Փոխ նախագահ Լինտըն Ճոնսըն Քենետիի մահով ինքնաբերաբար Միացեալ Նահանգներու նախագահ դարձաւ` ըստ ամերիկեան սահմանադրութեան:
Ճոնսըն իր սահմանադրական երդումը կատարեց նախագահական օդանաւին մէջ, որ քիչ յետոյ թռիչք առաւ դէպի Ուաշինկթըն: Նոյն օդանաւին մէջ կը գտնուէին տիկին Ճոնսըն, տիկին Քենետի եւ Սպիտակ տան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
Ռասք Ետ Կը Դառնայ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, 22 (ԱՖՓ).- Արտաքին գործոց նախարար Տին Ռասք, որ կ՛երթար Հոնոլուլու` ճափոնեւամերիկեան զինուորական ժողովին, ետ դարձաւ` Միացեալ Նահանգներ վերադառնալու համար:
Թրումընի Դէմ Ալ Մահափորձ Եղած Էր
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, 22 (ԱՖՓ).- Միացեալ Նահանգներու նախագահի մը դէմ նախորդ մահափորձը տեղի ունեցած էր 1950-ին: Փորթոռիքոցի ազգայնականներ կրակած էին նախագահ Թրումընի վրայ քանի մը մեթրէն, Սպիտակ տան դիմաց: Նախագահը չէր վիրաւորուած, բայց գաղտնի ոստիկան մը սպաննուած էր: Մահափորձ մը գործուած էր նաեւ նախագահ Ֆրանքլին Ռուզվելթի դէմ 1933-ին, Ֆլորիտայի մէջ:
Գոյժը Ինչպէ՞ս Հասաւ
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, 22 (ԱՖՓ).- Միացեալ Նահանգներու ձայնասփիւռի բոլոր կայանները միաժամանակ ընդհատեցին իրենց հաղորդումները` ծանուցելու համար մահափորձին լուրը: Նիւ Եորքի մէջ ինքնաշարժներու աննկարագրելի խճողում մը ստեղծուեցաւ: Ինքնաշարժի վարիչները փողոցին մէջ կը կեցնէին իրենց կառքերը, որպէսզի անցորդներն ու ոստիկանները կարողանան ձայնասփիւռը մտիկ ընել:
«Ո՞վ կրակեց: Մեռա՞ծ է: Ի՜նչ ամօթ», կը լսուէին ամէն կողմէ:
Տալլաս Պահպանողական Քաղաք
ՏԱԼԼԱՍ, 22 ԱՖՓ).- Տալլաս աւանդականօրէն պահպանողական քաղաք մըն է, ուր կան բազմաթիւ ծայրայեղ աջակողմեան տարրեր: Տալլասի մէջ է, որ Աալայ Սթիվենսըն խոշտանգուած էր անցեալ հոկտեմբեր 24-ին ծայրայեղ աջակողմեան խռովարարներու կողմէ:
Երբ Ծնողը Կ՛իմանայ
ՀԱՅԱՆԻՍ ՓՈՐԹ, 22 (ԱՖՓ).-Նախագահ Քենետիի հայրն ու մայրը իրենց զաւակին դէմ գործուած մահափորձին լուրը իմացան բանուորէ մը, որ իրենց տան մօտ կ՛աշխատէր:
Ո՞վ Է Լինտըն Ճենսոն
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, 22 (ԱՖՓ).- Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահը 55 տարեկան է, թեքսասցի: Ծերակոյտի անդամ ընտրուած է 1948-ին: Ամուսնացած 1934-ին, Քլոտիա Թէյլըրի հետ:
Մարմինը Պիտի Ցուցադրուի
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, 22 (ԱՖՓ).- Նախագահ Քենետիի մարմինը շաբաթ օր պիտի ցուցադրուի Սպիտակ տան մէջ:
Ինչպէ՞ս Տեղի Ունեցաւ Սպանութիւնը
ՏԱԼԼԱՍ, 22( ԱՖՓ).- Լրագրող մը, որ ականատես եղած է մահափորձին, յայտարարեց. «Երբ առաջին կրակոցը լսեցինք, նախագահական ինքնաշարժը արդէն անկիւնը դարձած էր: Յետոյ լսեցինք երկու այլ կրակոցներ եւս: Գլուխս դարձուցի դէպի այն շէնքը, ուրկէ կրակ բացուած էր: Տեսայ երկու սեւամորթներ, որոնք պատուհանէն կը նայէին վերի յարկը: Ես ալ նայուածքս հոն տարի ճիշդ այն պահուն, երբ հրացան մը կը քաշէին: Հրացանին ետեւը մէկը չտեսայ»:
Հակազդեցութիւնը Աշխարհի Մէջ
Քենետիի մահը խոր ցնցում յառաջացուց համայն աշխարհի մէջ:
Նախագահ Տը Կոլ, երբ իմացաւ սահռմկեցուցիչ լուրը, յայտարարեց. «Նախագահ Քենետի մեռաւ զինուորի մը պէս, իր պարտականութեան համար, իր երկրին ծառայութեան մէջ:
«Յանուն ֆրանսացի ժողովուրդին, յաւիտենական բարեկամը ամերիկացի ժողովուրդին, կը խոնարհիմ այդ մեծ օրինակին եւ մեծ յիշատակին առջեւ»:
Վատիկանի մէջ պապը խորապէս յուզուեցաւ եւ քաշուեցաւ իր մատուռը` աղօթելու հանգուցեալի հոգւոյն համար:

