Կրօնի Եւ Գիտութեան Միջեւ. Այլանդակուած Սրածայր Գանկ Մը` Մթին Դարերէն

Պատրաստեց` Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985archՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՀՆԱԳԷՏՆԵՐ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԵՆ ԴԻՏՈՒՄՆԱՒՈՐ ԿԵՐՊՈՎ ԱՅԼԱՆԴԱԿՈՒԱԾ ԳԱՆԿԸ ԿՆՈՋ ՄԸ, ՈՐ ԹԱՂՈՒԱԾ Է 1650 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ: «ԼԱՅՎՍԱՅԸՆՍ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄԸ:

Հնադարեան ազնուական խաւի կնոջ գանկը փաթթուած է այնպիսի ձեւով, որ անիկա ստացած է տխեղծ եւ սրածայր կերպարանք:

Անիկա յայտնաբերուած է Ալզասի աւելի քան 4000 տարուան մեռելաքաղաքէն, որ կը պարունակէ հին քարէ դարէն մինչեւ մթին դարերու 38 դամբարաններ:

Ֆրանսայի Օպեռնէ շրջանը, ուրկէ յայտնաբերուած են կնոջ աճիւնները, օժտուած է հարուստ եւ բարեբեր հողով եւ գետով, ինչ որ հազարաւոր տարիներ շարունակ ներգրաւած է բնակիչներ, ինչպէս կը բացատրէ հնագէտ Ֆիլիփ Լըֆրանք, որ պեղած է մեռելաքաղաքին քարէ դարու դամբարանները:

Հնագէտներ դամբարանները առաջին անգամ յայտնաբերած էին 2011-ին, շրջանին մէջ նախնական պեղումներ կատարելու ժամանակ, երբ կը հետազօտէին տարածք մը` ճարտարարուեստական շինարարական ծրագիրի մը համար: Այս տարի Լըֆրանք իր պաշտօնակիցներուն հետ վերադարձած է վայրը` աւելի խոր մակարդակի պեղումներ կատարելու համար:

Հնագէտները նկատած են, թէ դամբարանները լաւ վիճակի մէջ պահպանուած են կրաքարէ ժայռին մէջ, ուր փորուած են: Դամբարաններէն մէկը կը պափակէ 20 տղամարդոց, կիներու եւ մանուկներու գերեզմանները:

«Անոնց մարմինները պառկած էին կռնակի վրայ, ոտքերը երկարած էին, իսկ գլուխները դարձած էին դէպի արեւմուտք», կը նկարագրէ Լըֆրանք:

Այս դամբարանները, որոնք կը պատկանին Ն.Ք. 4900 -Ն. Ք. 4750 դարերուն, կը պարունակեն նաեւ քարէ սափորներ, գործինքներ եւ զարդեղէն, ինչպէս` մարգարտաշար ապարանջաններ եւ վզնոցներ: Թաղուած մարմինները հաւանաբար կը պատկանին մարդկային փոքր հաւաքականութեան մը, նոր քարէ դարու ընտանիքի մը, որ ապրած է երկրագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ, երկարաւուն բնակարաններու մէջ եւ իր մեռելները թաղած է գերեզմանատուներու մէջ, ինչպէս կը բացատրէ Լըֆրանք, ակնարկելով նոր քարէ դարու մշակոյթին:

Արեւելեան Պատուաստումներ

Երկրորդ գերեզմանատուն մը, որ կը տարածուի առանձին, կը պարփակէ 18 դամբարաններ եւ կ՛ընդգրկէ Հռոմէական կայսրութեան ուշ ժամանակներէն մինչեւ մթին դարերու սկիզբը երկարող ժամանակաշրջան մը` շուրջ 1650 տարի առաջ: Այս դամբարաններէն մէկն է, որ կը պարունակէ մարմինը հաւանաբար ազնուական վերնախաւի կնոջ մը, որուն ճակատը այլանդակուած է եւ` հարթուած:

«Գանկը այլանդակուած է` կտորի բարակ երիզներ փաթթելով անոր շուրջ` փայտի տափակ փոքր կտորներու վրայ, ինչ որ Կեդրոնական Ասիայէն բերուած սովորութիւն մըն էր,- կը բացատրէ Լըֆրանք:- Զայն ժողովրդականացուցած էին հոները եւ որդեգրած էին գերմանացիները»:

Այդ ժամանակներուն այլանդակուած եւ արտերկրացիի նմանող գանկը ազնուականներուն վերապահուած յետ մահու առանձնաշնորհում մըն էր:

«Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի տարածքին նման այլանդակուած գանկեր ի յայտ կու գան հարուստ իրերով լեցուն դամբարաններէ», կ՛ըսէ Լըֆրանք:

Հարուստ կնոջ դամբարանէն նաեւ ի յայտ եկած են ոսկեայ զարդասեղներ, շղթայէ գօտիներ, մարգարիտներ, եղջիւրէ սանտր մը, պրոնզէ հայելի մը, որ հաւանաբար եկած է Կեդրոնական Ասիոյ շրջանէն:

Հնագէտները կ՛ենթադրեն, թէ 1650 տարուան գերեզմանները կը պարունակեն աճիւնները Արեւելքէն եկած վարձկան զինուորներու եւ անոնց ընտանիքներուն, որոնք կը ծառայէին հռոմէական բանակին` Հռոմէական կայսրութեան վերջալոյսին:

Share this Article
CATEGORIES