Կրօնի Եւ Գիտութեան Միջեւ. Ամէն Տարի 100 Հազար Քրիստոնեայ Նահատա՞կ
Պատրասհեց` Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՅԱՃԱԽ Կ՛ԸՍՈՒԻ, ԹԷ ԱՄԷՆ ՏԱՐԻ 100 ՀԱԶԱՐ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻՆ ԻՐԵՆՑ ԿՐՕՆԻՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ: ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՍԿԻԶԲԸ ՎԱՏԻԿԱՆ ԱՐԺԱՆԱՀԱՒԱՏ ՀՌՉԱԿԵՑ ԹԻՒԸ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՐԴԵՕՔ ՃԻ՞ՇԴ Է ԱՍԻԿԱ: ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔՆԵՐՈՒ ԹԻՐԱԽԸ ՄԵԾ ՄԱՍԱՄԲ Կ՛ՈՒՂՂՈՒԻ ԸՆԴԴԷՄ ԻՍԼԱՄՈՒԹԵԱՆ: ԳԻՏԱԿԱՆ ՃՇԳՐԻՏ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՄԱՆ ՎԻՃԱՐԿԵԼԻ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ ՄԸ ԿԸ ՊՂՏՈՐԷ ՄԻՏՔԵՐԸ…«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ՄԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ ՔՆՆԱԿԱՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄՈՎ ԿԸ ՄԻՏԻ ԱՊԱՑՈՒՑԵԼ, ԹԷ ՈՉ ՄԻԱՅՆ ԹԻՐԱԽԸ ՃԻՇԴ ՉԷ, ԱՅԼ ԻՆՔՆԻՆ` «ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ» ԳԱՂԱՓԱՐԸ, ԻՆՉՊԷՍ ՆԱԵՒ ԹԻՒԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՇԻՒՆԵՐՈՒ ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՄԸ ԿՐՆԱՆ ՀԻՄՆՈՎԻՆ ՍԽԱԼ ԸԼԼԱԼ:
Մոթորսիքլեթներու վրայ հեծած զինեալներ երեք հոգի կը սպաննեն, երբ կը կրակեն Գահիրէի ղպտիներու քրիստոնէական մէկ եկեղեցին ուղղուող հարսնեւորներու վրայ: Փաքիստանի մէջ եկեղեցիի մը դիմաց անձնասպանական երկու ռմբահարումներ կը պատճառեն առնուազն 75 զոհ:
Վերջերս լրատուամիջոցներու մէջ գլխաւոր վերնագիրներ խլած այս երկու յարձակումները տեղի ունեցան մէկ ամիս տարբերութեամբ: Ահաւոր դէպքեր, որոնք սակայն առանձին պատահարներ չեն:
Այլ խօսքով, որքա՞ն համատարած է հակաքրիստոնէական բրտութիւնը:
«Արժանահաւատ ուսումնասիրութիւններ յանգած են այն ցնցիչ եզրակացութեան, թէ ամէն տարի աւելի քան 100 հազար քրիստոնեաներ կը սպաննուին իրենց կրօնին առնչուած պատճառով մը», յայտարարած էր Վատիկանի բանբեր Սիլվանօ Մարիա արք. Թոմասի անցեալ մայիսին, երբ ձայնասփիւռէն պատգամ մը կ՛ուղղէր ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդին:
Համացանցի վրայ վիճակագրութիւնները ունին իրենց ուրոյն ընթացքը: Անոնք կը յայտնուին ամէն տեղ եւ երբեմն յաւելեալ մանրամասնութիւններով` շեշտելու համար, թէ այս 100 հազարը իսլամներու զոհեր են:
Մէկ Միլիոնի Կասկածելի Հաշիւը
Այս թիւին սկզբնաղբիւրը ինքնին Քրիստոնէութեան համաշխարհային ուսումնասիրութեան կեդրոնն է, որ կը գործէ Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց նահանգին Կորտըն-Քոնուել աստուածաբանական դպրոցին մէջ, որ ամէն տարի մօտաւորապէս նման թիւ մը կը հրատարակէ իր «Սթէյթըս աֆ Կլոպըլ Միշըն» թերթին մէջ:
Այս կեդրոնին ուսումնասիրողները նախ հաշուած են 2000-2010-ի միջեւ իբրեւ նահատակ սպաննուած քրիստոնեաներուն թիւը, որ իրենց գնահատումով կը հասնէր շուրջ մէկ միլիոնի, ապա այս թիւը բաժնած են 10-ով` ունենալու համար տարեկան թիւ մը, այսինքն` 100 հազար:
Սակայն ուսումնասիրողները ինչպէ՞ս կատարած են մէկ միլիոնի հաշիւը:
Եթէ քիչ մը պեղենք, պիտի տեսնենք, թէ այս թիւը կազմող սպաննուած անձերուն մեծամասնութիւնը զոհ է Քոնկոյի Ժողովրդավար Հանրապետութեան քաղաքացիական պատերազմին:

Քոնկոյի Ժողովրդավար Հանրապետութիւնը աշխարհի ամէնէն հարուստ աղբիւրներով երկիրներէն է, սակայն գաղութատիրութեան, ստրկատիրութեան եւ փտածութեան պատճառով վերածուած է աշխարհի ամէնէն աղքատ մէկ երկրին, ինչպէս կը գրէ պատմաբան Տան Սնօ:
Կ՛ենթադրուի, թէ 2000-2010-ի միջեւ աւելի քան չորս միլիոն զոհ արձանագրուած է Քոնկոյի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին: Քրիստոնէութեան համաշխարհային ուսումնասիրութեան կեդրոնը անոնց շուրջ 900 հազարը կամ 20 առ հարիւրը կը հաշուէ նահատակ:
Այս թիւը 10 տարուան վրայ բաժնելով` միջին հաշուով կ՛արձանագրուի տարին 90 հազար զոհ:
Հետեւաբար, երբ կը լսենք, թէ տարին 100 հազար քրիստոնեաներ կը մեռնին իրենց հաւատքին պատճառով, պէտք է նկատի ունենաք, թէ անոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, այսինքն 90 հազարը սպաննուած է Քոնկոյի Ժողովրդավար Հանրապետութեան մէջ:
Հետեւաբար կրնանք անվարան ըսել, թէ սխալ են համացանցի վրայ ծաւալող տարաձայնութիւնները, որոնց համաձայն, իսլամներն են պատասխանատուն տարին 100 հազար քրիստոնեաներու սպանութեան: Քոնկոյի Ժողովրդավար Հանրապետութիւնը քրիստոնեայ երկիր մըն է, ուր քաղաքացիական պատերազմի օրերուն քրիստոնեաները կը սպաննէին զիրար:
Նահատակութեան
Մերօրեայ Բացատրութիւնը
Նահատակութեան իր սկզբնական հաշուարկումներուն մէջ Քրիստոնէութեան համաշխարհային ուսումնասիրութեան կեդրոնը ներառած է նաեւ ռուանտական ցեղասպանութեան ընթացքին ի գործ դրուած սպանութիւնները: Ասիկա եւս զարմանալի է: Ռուանտայի հարցը կրօնական հարց չէր, այլ հութուներու կողմէ թուցիներու սպանութեան հարց էր, իսկ ցեղային այս երկու խմբաւորումները քրիստոնեայ էին:
«Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը հիմուած էր ցեղային խմբաւորումի մը կանոնաւոր սպանութեան վրայ` զայն ամբողջութեամբ բնաջնջելու նպատակով, եւ ոչ մէկ ձեւով կ՛առնչուէր սպաննուող անձերուն հաւատալիքներուն կամ կրօնին հետ», կ՛ըսէ Իան Լինտըն` հեղինակը «Չըրչ էնտ ռեվոլուշըն ին Ռուանտա» (եկեղեցի եւ յեղափոխութիւն Ռուանտայի մէջ)գիրքին:
«Քոնկոյի Ժողովրդավար Հանրապետութեան մէջ մղուած քաղաքացիական պատերազմները հետեւանք էին ձախող պետութեան եւ քայքայուած զինուորական ուժի, որուն պատճառով զինեալներ ամբողջական տիրութիւն կը կիրարկէին` իրենց զէնքերուն ապաւինած: Անոնք անխնայ կը սպաննէին, կը բռնաբարէին եւ կը թալանէին: Դժուար է անոնց ի գործ դրած այս տեսակի սպանութիւնը որակել նահատակութեան առաջնորդող արարք», կ՛ըսէ Լինտըն, որ նաեւ կրօնական գիտութիւններու օգնական դասախօս է Լոնտոնի Արեւելեան եւ ափրիկեան գիտութիւններու դպրոցին մէջ:
Սակայն Վատիկանի մէկ լրագրողը` Ճոն Ալըն, որ հեղինակն է «Տը կլոպըլ ուոր ան քրիսչընզ» (քրիստոնեաներու դէմ համաշխարհային պատերազմը) գիրքին, հետեւեալ ամփոփ տողերով կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս Քոնկոյի Ժողովրդավար Հանրապետութեան քաղաքացիական պատերազմին մէջ թակարդուած անձ մը կրնայ դառնալ քրիստոնեայ նահատակ:
«Քոնկոյի մէջ հաւատացեալ կին մը, որ կը յաջողի իր բնակած շրջանին մէջ ապրող երիտասարդները համոզել, որ մերժեն միանալ զինեալներու խմբաւորումներուն, կը սպաննուի նման խմբաւորումի մը կողմէ, որ պիտի չուզէր ցամքած տեսնել նորագիրներու աղբիւրները: Արդեօք այս մէկը հակաքրիստոնէական բրտութիւն չէ՞», հարց կու տայ ան:
Իան Լինտըն եւս կը մատնանշէ այն կէտը, թէ Ռուանտայի մէջ կարգ մը հութուներ իրենց քրիստոնէական հաւատքէն մեկնած` մերժած էին բաժնուիլ իրենց թուցի պաշտօնակիցներէն եւ սպաննուած էին: Հետեւաբար կարելի է զանոնք նահատակ նկատել:
Ժամանակավրէպ Տուեալներ
Պահ մը ընդունինք, թէ Քոնկոյի Ժողովրդավար Հանրապետութեան մէջ ոմանք սպաննուած են իրենց քրիստոնէական հաւատքին պատճառով: Սակայն արդեօք 20 առ հարիւրի համեմատութիւնը հաւանակա՞ն է:
Քրիստոնէութեան Համաշխարհային ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Թոտ Ճոնսըն «Պի. Պի. Սի.»-ի կը յայտնէ, թէ այս համեմատութիւնը քաղուած է «Աշխարհի քրիստոնէութեան հանրագիտարան»-ին 1982-ի հրատարակութենէն, ուր նշուած է, թէ միջին հաշուով ափրիկեան երկիրներու բնակչութեան 20 առ հարիւրը կը կիրարկէ քրիստոնէական հաւատալիքները:
Սակայն վստահաբար ճիշդ չէ մտածել, թէ իրենց հաւատքը կիրարկող քրիստոնեաներ, որոնք կը սպաննուին քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ, կը սպաննուին իրենց հաւատքին պատճառով:
Ճոնսըն կը բացատրէ, թէ իր գլխաւորած կեդրոնը 20 առ հարիւրի այս վիճակագրութենէն հրաժարած է նորագոյն հրատարակութեան մէջ, թէեւ 100 հազարի թիւը տակաւին ներկայ է անոր «Սթէյթըս աֆ կլոպըլ միշըն» (համաշխարհային առաքելութեան վիճակը) հրատարակութեան մէջ, որ լոյս տեսած է 2013-ին:
Այստեղ կը ծագի այլ հարց մը. մինչ բրտութիւնը կը շարունակուի Քոնկոյի Ժողովրդավար Հանրապետութեան մէջ, անիկա նուազ դաժան է այսօր, քան` իր գագաթնակէտի օրերուն:
«Մեր մօտեցումին տկարութիւնը հո՛ս է», կ՛ըսէ Ճոնսըն:

Քոնկօ գետը` բնական հարստութեամբ անիծուած երկրի մը մէջ:
«Այսօր Քոնկոյի Ժողովրդավար Հանրապետութեան մէջ կացութիւնը նոյնը չէ, ինչ որ էր 10 տարի առաջ: Կացութեան ծանրութիւնը կրնայ մեղմանալ տարուէ տարի: Հետեւաբար կարելի է մտածել, թէ արդէն զոհերուն թիւը կը նուազի տարուէ տարի, նոյնինքն` այս պահուն, սակայն հաշուարկումի մեր միջոցը ի սկզբանէ ճշգրիտ չէ, որպէսզի կարենանք պատշաճեցումներ կատարել: Հետեւաբար վերջին երկու տարիներու մեր հրատարակութիւններուն մէջ անխախտ պահած եմ 100 հազարի թիւը: Սակայն յառաջիկային հաւանաբար պիտի նուազեցնեմ զայն, բացի եթէ նոր բան մը գրաւէ մեր ուշադրութիւնը», կ՛աւելցնէ ան:
Եթէ պահ մը Քրիստոնէութեան համաշխարհային ուսումնասիրութեան կեդրոնի 100 հազարի հաշիւէն ջնջենք Քոնկոյի Ժողովրդավար հանրապետութեան մէջ պատահած սպանութիւնները, ապա կ՛ունենանք տարին 10 հազար նահատակ:
Իսկ ամէն տարի իրենց կրօնական հաւատքին պատճառով սպաննուած քրիստոնեաներուն թիւը հաւանաբար համազօր է նման տարողութեան մը, ինչպէս կ՛ըսէ Մարդկային իրաւանց միջազգային միութեան անդամ Թոմաս Շիրմախըր:
Մասնագէտներ` Զգուշաւոր
«Պէտք է անդրադառնալ, թէ գիտական հիմքերով հաշիւներ եւ թիւեր գոյութիւն չունին ներկայիս: Հարցը չէ ուսումնասիրուած, եւ այս մարզին մէջ բոլոր մասնագէտները կը տատամսին թիւ մը յայտարարելու», կ՛ըսէ ան:
«Ձեռնարկած ենք այս նիւթին առնչութեամբ ուսումնասիրական ծրագիրի մը` աշխարհի տարածքին շարք մը համալսարաններու հետ: Մեր ելակէտը ենթադրութիւն մըն է, թէ` ամէն տարի իբրեւ նահատակ կը սպաննուին շուրջ 7-8 հազար քրիստոնեաներ»:
Սակայն Ճոն Ալընի կարծիքով, երկրորդական է նահատակներու թիւը նուազեցնելու այս ճիգը:
«Լաւ պիտի ըլլար, եթէ մեր այս հրատարակութեան մէջ ունենայինք ճշգրիտ թիւեր: Սակայն չեմ կարծեր, թէ թիւերը այնքան ալ կարեւոր են գիրքիս նպատակին համար, որ կը միտի շրջել Արեւմուտքի մէջ տիրող այն տեսակէտը, թէ կարելի չէ հալածանքի ենթարկել քրիստոնեաները, որովհետեւ անոնք կը պատկանին աշխարհի ամէնէն հզօր կրօնական կառոյցին:
«Իրականութիւնը այն է, թէ այսօր աշխարհի 2.3 միլիառ քրիստոնեայ բնակչութեան երկու երրորդը կ՛ապրի վտանգաւոր թաղամասերու մէջ, յաճախ` թշուառութեան մէջ: Անոնք սովորաբար կը պատկանին ցեղային, լեզուական եւ մշակութային փոքամասնութիւններու եւ յաճախ անոնց գոյութիւնը վտանգուած է»:
«Կը կարծեմ, թէ այս կէտը շեշտելը աւելի կարեւոր է, քան` զոհերու ճշգրիտ թիւ մը գտնելը»:
Ընդարձակ Սահմանում Մը
Զինուոր մը` Քոնկոյի Ժողովրդավար Հանրապետութեան մէջ:
Քրիստոնեայ նահատակ կը նկատուին «Քրիստոսի հաւատացողները, որոնք կանխահաս մահով կորսնցուցած են իրենց կեանքը իրենց հաւատքին պատճառով, մարդկային թշնամութեան իբրեւ հետեւանք…
Այսօր նահատակութեան ամէնէն ծանրակշիռ վիճակը կը տիրէ Քոնկոյի Ժողովրդավար Հանրապետութեան մէջ, ուր բրտութեան վայրագ արարքները սկիզբ առին 1990-ական տարիներու վերջերուն եւ կը շարունակուին մինչեւ այսօր …:
Թէեւ Քոնկոյի Ժողովրդավար Հանրապետութեան մէջ ոչ բոլորը «հաւատքի պատճառով» սպաննուած են, սակայն մեր գնահատումներուն համաձայն, զոհերուն նկատառելի մէկ համեմատութիւնը կը համապատասխանէ նահատակի մեր սահմանումին:
Աղբիւր` Քրիստոնէութեան համաշխարհային ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Թոտ Ճոնսըն:
Կրօնական Հալածանք
(2006-2011)Կրօնական Հալածուած Խմբաւորումներ- Երկիրներու Թիւ
- Քրիստոնեաներ – 145
- Իսլամներ- 129
- Հրեաներ – 90
- Այլ- 75
- Ժողովրդային կրօնապաշտներ – 47
- Հինտուներ- 32
- Պուտտայականներ- 23
- Վերոնշեալներէն ոեւէ մէկը- 185
Աղբիւր` Փիւ ուսումնասիրական կեդրոնի ծրագիր. «Կրօն եւ հանրային կեանք. յունիս 2013»:


