Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Հայ Դատի Պատնէշներու Ամրագրման Ի Խնդիր (Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Նախաձեռնած Նուիրահաւաքին Առիթով)

ANCC1-1Նոյեմբեր 16-ին Քանատայի մէջ սկիզբ առաւ Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնած նուիրահաւաքը, որ ուղղուած էր յանձնախումբին բազմաբեւեռ քարոզչական աշխատանքներուն յաւելեալ զարկ տալու նպատակին: Քանատայի հայ գաղութին համար անծանօթ չեն վերոնշեալ յանձնախումբին կէս դարու ժամանակահատուածի վրայ արձանագրած իրագործումները: Յանձնախումբին առաքելութեանց կիզակեդրոնը կը կազմեն Արեւմտահայաստանի տարածքային պահանջատիրական դատը, Արցախի ինքնորոշման հարցը, Ջաւախքի հայութեան խնդիրը, սուրիական ճգնաժամին մէջ յայտնուած հեղձամահ սուրիահայութեան աջակցութեան ջանքերը, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան սատարման գծով դիւանագիտական բազմաբնոյթ աշխատանքները.

Յիշատակման արժանի են նաեւ Քանատայի անմիջական ներքաղաքական բեմին վրայ յանձնախումբին երկարամեայ մաքառումները Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով, որոնց պսակադրումը հանդիսացան քանատական ծերակոյտին եւ խորհրդարանին կողմէ ընդունուած ճանաչման բանաձեւերը:

Նոյեմբեր 16-ին յանձնախումբին առաքելութեան հետեւորդ զօրակիցներու բանակը եկաւ հաստատելու, որ ազգային մեր իղձերու, քաղաքական նպատակներու ու ծրագիրներու իրագործման համար քանատահայութիւնը պատնէշի վրայ է տակաւին եւ հաւատարիմ կը մնայ Հայ դատի արդար հանգուցալուծման տեսլականին: Ի վերջոյ, յանձնախումբը քարոզչական իր ոգորումները կը կատարէ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն վերատիրացման եւ սփիւռքի ծնունդ իւրաքանչիւր տարագրեալ քանատահայի կորուսեալ ծննդավայրի վերադաձին ի խնդիր:

Բոլոր նախադրեալները կը յուշեն, որ նուիրահաւաքի այս նախաձեռնութեան յառաջիկայ հանգրուանին քանատահայ գաղութի միւս ոստաններուն մէջ մեր հայրենակիցները իրենց լիաբուռն մասնակցութիւնը պիտի բերեն այս ծրագրին եւ պիտի անսան Հայ դատի կոչին:

Եւ այս ամէնը` որպէսզի սուրիահայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ուղղուող մարդասիրական օգնութեան ճիգերը յաւելեալ թափով շարունակուին, որպէսզի Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման արդար իրաւունքը ճանաչում գտնէ համաշխարհային քաղաքական բեմին վրայ, որպէսզի անտէր չմնան մեր պատմական բնօրրանի բռնագրաւուած տարածքներուն վրայ տակաւին գոյատեւող պատմութեան լուռ վկաները հանդիսացող կիսակործան մեր պատմամշակութային կոթողներն ու ժառանգութիւնը, որպէսզի Քանատայի մէջ ի սպառ սանձուի թրքական ուրացման քարոզարշաւն ու ազրպէյճանական կողմի դաւադիր յերիւրանքները, որպէսզի թաւալող ժամանակին հետ, պատմութեան մէջ օր մը ազգովին առիթը ունենանք ստեղծագործելու, արարելու եւ զարգանալու մէկ ու ամբողջական աշխարհագրական տարածութեամբ հայրենի հողի վրայ, որպէսզի հայ անհատը լիակատար կարելիութիւնը ունենայ ազատօրէն ապրելու ու շնչելու իր հողին վրայ, իր անկախ ու ինքնիշխան երկրի միաւորուած երկնակամարին ներքոյ:

Share this Article
CATEGORIES