Կիրակնօրեայ Խօսքը. Հաւատքին Բարիքներէն` Հրաշագործութիւնները…
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ հայր Միքայէլ, դուն գիտես, թէ 2013-2014 «Հաւատքի տարի»-ին մէջ ենք տակաւին, ուստի քեզի ուղղած այս սիւնակս եւ քու առեւանգումիդ ընդմէջէն` «սիրելի՛ ընթերցող»-ին փոխանցած իմ խորհրդածութիւններուս պատճառը հանդիսացաւ առաջին աւետարանիչէն վարի չորս համարները: Ասոնց ընտրութիւնը թելադրեցին ինծի մայր մը, որ երէկ հայցեց աղօթքս իր հիւանդ միամօր որդիին համար, եւ` հիւանդանոցէն ամուսին մը, որ իրաւացիօրէն կը սպասէ հրաշքի մը` ի նպաստ անբուժելի հիւանդութենէն իր տառապող կնոջ…
«Բանտին մէջ Յովհաննէս (Մկրտիչ) լսեց Քրիստոսի գործերուն մասին: Աշակերտներ ղրկեց Անոր` հարցնելու համար. «Դո՞ւն ես Ան, որ պիտի գար, կամ` ուրիշ մէկու մը սպասենք…»: Յիսուս պատասխանեց. «Գացէ՛ք եւ պատմեցէ՛ք Յովհաննէսին, ի՛նչ որ կը լսէք ու կը տեսնէք: Կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ՛առնեն եւ Աւետարանը կը քարոզուի աղքատներուն»» (Մտթ. 11,2-5):
Մեր Աստուածային Վարդապետին պատասխանը շատ յստակ էր, որուն պարունակը պատմական է, քանի Ան ժողովուրդներէն սպասուած Օծեալն ու ժամանակը յաւիտենականութեան կամրջող Մեսիան էր: Բայց մանաւանդ Մարդասէրը եւ Հրաշագործն էր Յիսուս Քրիստոս, որ կը բուժէր ու կը բուժէ ամենազգի հիւանդութիւններ, կը բժշկէր եւ կը բժշկէ բազմաթիւ ախտաժէտներ:
Մարդասէրին ու Հրաշագործին ներկայութեան` կարեւոր են չորս յստակացումներ: Առաջին` Յիսուս միակ աղբիւրն է հրաշքներուն, միակ կարողութիւնը` հրաշագործութիւններուն: Երկրորդ` Քրիստոս պարտադրուած չէ հրաշք կատարելու: Երրորդ` մենք, սակայն, կրնանք պարտադրել Յիսուս Քրիստոսին, որ ընէ սքանչելիքներ: Չորրորդ` այո՛, նաեւ մեզմէ կախում ունի այս կամ այն սքանչելագործութիւնն աստուածակատար:
«Ինչպէ՞ս…», ինծի հարցուցին եւ կը հարցնեն առաքելութեանս քառասուն տարիներուն ընթացքին: Պատասխանեցի ու կը պատասխանեմ. «Մե՛ր հաւատքով ու մե՛ր վստահութեան մէջ»: Սակայն, ինքզինքս աւելի լաւ բացատրելու համար մարդացեալ Աստուծոյ բուժող հրաշքներէն չորս օրինակներ կը բերեմ իրենց եզրայանգումներով:
Գիտես դրուագն այն տեռատես կնոջ, որ ինքնիրեն կը մտածէր. «Եթէ միայն Յիսուսի հագուստին դպչիմ, կ՛առողջանամ (Մրկ. 5,28): Եթէ միայն անոր զգեստին հպիմ, կը փրկուիմ» (Մտթ. 9,21):
Պիտի մօտենաս եւ բարեկամանաս Յիսուսին: Պիտի սիրես ու պաշտես Յիսուսը: Պիտի մտերմանաս եւ պիտի վստահիս Յիսուսին: Ապա կը բուժուիս Յիսուսէն, կը հարստանաս Յիսուսով ու կ՛երջանկանաս Յիսուսի հետ, որ վստահեցուց կնոջ. «Աղջիկս, քու հաւատքդ քեզ փրկեց. գնա՛ խաղաղութեամբ եւ բուժուէ՛ հիւանդութենէդ»:
Սիրտս կը ճմլեն ու միտքս կը խլրտեն այն երկու կոյրերը, որոնք հետեւեցան Յիսուսին եւ կ՛աղաղակէին. «Ողորմէ՛ մեզի, Դաւիթի Որդի» (Մտթ. 9,27):
Պիտի աղօթես «յամենայն ժամու» Յիսուսին: Պիտի խնդրես ամէն օր Յիսուսէն: Պիտի յուսաս միշտ Յիսուսէն: Ապա կը ստանաս հայցածդ, քանի կը լսէ յարատեւ աղօթքդ Յիսուս, որ բացայայտեց երկու կոյրերուն. «Ձեր հաւատքին համաձայն թող ըլլայ ձեզի»:
Յուզիչ է պատմութիւնը բորոտին, որ խոնարհեցաւ Քրիստոսի առջեւ. «Տէ՜ր, եթէ դուն
ուզես, կրնաս զիս բժշկել (Մտթ. 8,2): Եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել» (Մրկ. 1,40):
Պիտի ծնրադրես Աստուծոյ առջեւ: Պիտի համակերպիս Տիրոջ կամքին: Պիտի հնազանդիս Նախախնամութեան: Ապա գոհունակութեամբ եւ անդորրութեամբ կը լեցուիս Յիսուսէն, որ բացայայտեց բորոտին. «Կ՛ուզեմ, բժշկուէ՛: Կ՛ուզեմ, մաքրուէ՛»:
Կափառնաումի մէջ հարիւրապետին անդամալոյծ ծառան անտանելի ցաւերու մէջ էր. «Տէրը», որուն բուժիչ միջամտութիւնը խնդրուեցաւ զինուորականէն, խոստացաւ. «Կու գամ եւ կը բժշկեմ զայն»: Հարիւրապետին պատասխանը զգլխիչ էր. «Տէ՜ր, արժանի չեմ, որ մտնես իմ տունս. միայն խօսք մը ըսէ, եւ ծառաս պիտի բժշկուի» (Մտթ. 8,8):
Պիտի համոզուիս անկարողութեանդ: Պիտի հաւանիս անարժանութեանդ: Պիտի ընդունիս մեղաւորութիւնդ: Ապա արժանի կը դառնաս Յիսուսի բուժիչ զարմանքին, որ հրամայեց հարիւրապետին. «Գնա՛, թող ըլլայ քեզի, ինչպէս որ հաւատացիր»:
Ահա` չորս դէպքեր, որոնք իրենց պատմականութեամբ եւ հրաշագործութեան մէջ կը համոզեն մեզ, անշուշտ, եթէ մենք կ՛ուզենք մեր աստենական ու անդենական բարիքը, հաւատալու եւ վստահելու Քրիստոսի ողորմած մարդասիրութեան ու անեզր կարողութեան:
Ուշադրութի՛ւն: Չորս դէպքերուն եզրայանգումները պիտի իւրացնենք, կամ` պայմանները պիտի ապրինք, եթէ մենք կ՛ըղձանք ստացումը մեր հրաշահայց աղօթքին…
«Հայոց խնկելի Աստուածածինը», որ գթառա՛տ իմ Մայրս, քու Մայրդ եւ անոր Մայրն է, ներբողուեցաւ իր հաւատքին համար (Ղկ. 1,45), ու մեր Ս. հայրերէն հռչակուեցաւ «Մայր հաւատոյ», լսեց թէ՛ երկնառաք հրեշտակապետէն, որ «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ» (Ղկ. 1,37) եւ թէ՛ իր սիրահատոր Որդիէն այս անյետսկոչելի հաւաստիացումը. «Մարդերուն համար անկարելի է, բայց Աստուծոյ համար ամէն բան կարելի է» (Մտթ. 19,26):
Ուստի, Մարիամ Ս. Կոյսը` մեր Մայրը կրնայ, գիտէ եւ կ՛ուզէ սորվեցնել իր զաւակներուն այս սուրբգրային ճշմարտութիւնը, որուն պարունակն ապրեցաւ. «Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, եթէ մանանեխի հատիկին չափ հաւատք ունենաք, ո՛չ մէկ բան անկարելի պիտի ըլլայ ձեզի (Մտթ. 17,20): Ի՞նչ է հաւատքը, եթէ ո՛չ` գրաւականը յուսացուած բարիքներուն, ապացոյցը` անտեսանելի իրականութիւններուն» (Եբ. 11,1):
Այնճար, 17 նոյեմբեր 2013