Միհայլովիչ Նշանակուեցաւ Սամտորիայի Մարզիչ
Սերպիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Սինիսա Միհայլովիչ նախորդ շաբաթավերջին նշանակուեցաւ Սամտորիայի մարզիչ, յայտնեց իտալական ակումբին պաշտօնական կայքէջը:
Այսպիսով, 44 տարեկան Միհայլովիչ փոխարինեց Տելիօ Ռոսսին, որ վերջերս պաշտօնանկ եղաւ:
Ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, անոր համաձայնագիրին ժամկէտը նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը` յաւելեալ մէկ տարիով երկարաձգելու հաւանականութեամբ:
CATEGORIES Մարզական

