Վան Տեր Վաարթ Կոտրեց Իր Ոտքը
Համպուրկի եւ Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Ռաֆայէլ Վան տեր Վաարթ, Քոլոմպիոյ ֆութպոլի խումբին դէմ տեղի ունեցած բարեկամական մրցումին (0-0) ծանր վնասուածք ստացած է: Ա. կիսախաղի վերջաւորութեան, 30 տարեկան ֆութպոլիստին դէմ զօրաւոր ֆաուլ մը կատարուած է Ապել Ակիլարի կողմէ:
Գերմանական մամուլին համաձայն, Վան տեր Վաարթ փոխադրուած է հիւանդանոց, ուր քննութիւններու ենթարկուած է:
Բժիշկներուն կողմէ նախնական յայտարարութիւնը եղած է ապշեցուցիչ, որովհետեւ ի յայտ եկած է, որ անոր ոտքը կոտրուածք ունի:
CATEGORIES Մարզական

