Ժողովրդային Փառատօն Եւ Ս. Պատարագ` Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

asdvadzadzin1Անցնող շաբաթավերջին խանդավառ մթնոլորտ մը կը տիրէր Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջապատը, որովհետեւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր, եւ այդ առիթով` նախաձեռնութեամբ եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի, տեղի ունեցաւ ժողովրդային փառատօն:

Արդարեւ, շաբաթ առաւօտեան կանուխ ժամերէն եկեղեցւոյ շրջապատը զետեղուեցան կրպակներ, որոնք կը ներկայացնէին Բալուի եւ Մարաշի հայրենակցական միութիւնները, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի եւ Ժտէյտէի մասնաճիւղերը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանը, Ազգային Աբգարեան վարժարանը, ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» եւ «Կարինէ» մասնաճիւղերը, «Զաւարեան» պատանեկան միութիւնը, ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղը եւ Համազգայինի գրատարածը: Կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն սկսեալ ժոովուրդը սկսաւ այցելել կրպակները` համտեսելու համեղ ուտելիքները եւ գնելու ձեռային աշխատանքներ, գիրքեր, զարդեղէններ եւ այլն:

Փառատօնը առաւել խանդավառ բնոյթ ստացաւ իր մանկապատանեկան յայտագիրով, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան «Բարեւ փոքրիկներ» խումբին անդամները, որոնք զուարճացուցին փոքրիկները: Փառատօնը հասաւ իր գագաթնակէտին երբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան այցելեց շրջան եւ շրջեցաւ կրպակները:

Երեկոյեան գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով խօսք առաւ Մարալ Մխսեան: Ան նկատել տուաւ, որ «վերջին տասնամեակներուն հայկական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները ընդհատուած են, սակայն պիտի վերակենդանացնենք զանոնք, քանի որ հայը իր արմատներէն չի կրնար պոկուիլ, նոյնիսկ եթէ օտար հողի վրայ է»: «Թոյլ տուէք ինքնավստահօրէն աւետելու ձեզի, թէ մեր այս գեղեցիկ ու պատուական հին եւ արժէքաւոր աւանդութիւնները պիտի մնան ու շարունակուին դարերով, եւ մենք մեր կարգին պիտի յանձնենք զանոնք յաջորդող սերունդներուն», շեշտեց Մարալ Մխսեան` աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդը վերապրելու անխորտակելի եւ ամուր կամք ունի:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան «Զաւարեան» պատանեկան միութեան պարմանուհիները, որոնք ներկայացուցին պար մը: Լիբանանի թեմի միջդպրաց դասերու երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Երուանդ Քէշիշեանի, մեկնաբանեց հայրենասիրական եւ ազգային երգերու փունջ մը, ինչպէս` «Խուժան ազգեր», «Ով հայոց աշխարհ», «Երեւան-Էրէբունի», «Կապոյտ մանուշակ» Կոմիտասէն «Իմ չինարի եարը», «Զար զնգը», «Շողեր ջան», «Խնկի ծառ», «Առնեմ երթամ», «Քիչ ենք, բայց հայ ենք», երգերը, որոնք մեծապէս գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ:

asdvadzadzinՁեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան նկատել տուաւ, որ հայ ազգը ունի մշակութային գանձեր, արժանավայել պատմութիւն, ազգային արժանիքներ եւ յատկութիւններ` աւելցնելով, որ այդ արժէքները չեն պատկանիր միայն անցեալին եւ պատմութեան, այլեւ մաս կը կազմեն մեր էութեան, ուր որ ալ գտնուինք: «Մենք գիտենք օտար ամայի ճամբէքի վրայ ալ հայրենիքով ապրիլ, ներշնչուիլ ու խանդավառուիլ», շեշտեց սրբազանը` աւելցնելով, որ մենք գիտենք հայրենական արժէքներով ուժ տալ մեր ինքնութեան, անցեալի երազներուն թելը բռնելով խրոխտ քայլեր առնել դէպի ապագայ: «Այս բոլորը կ՛ընենք, որովհետեւ կը պատկանինք ժողովուրդի մը, որ ունի անկատար իղձեր եւ երազներ, որոնց հասնելու համար մենք պատրաստ ենք ինքնընծայումով, նուիրումով ու նուիրաբերումով կառչելու այն բոլոր իրականութիւններուն, որոնք արժէք էին անցեալին եւ արժէք կը մնան այսօր», հաստատեց Շահէ եպս. Փանոսեան: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազանը մաղթեց, որ ապրինք հայաբոյր կեանք, ունենանք հայաբոյր կեցուածք, հայավայել արտայայտութիւն:

Տօնախմբութիւնը շարունակուեցաւ կիրակի օր եւս` առաջնորդ սրբազան հօր Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի դիմաց ժամանումով, ուր տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին որ առաջնորդեց սրբազանը մինչեւ եկեղեցի, ուր ան մատուցեց Ս. պատարագ, որուն ընթացքին կատարեց նաեւ սրբապատկերի օծում:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր խօսքին մէջ առաջնորդ սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց Ս. Աստուածածնայ ծննդեան եւ անոր տաճար ընծայման:

Սրբազանը նկատել տուաւ, որ շատ խոստումներ կ՛ընծայենք Աստուծոյ, սակայն քիչ անգամ կը պահենք մեր խոստումը եւ կեանքի խաղաղ պայմաններուն մէջ կը մոռնանք զԱստուած` աւելցնելով, որ աշխարհը իր օրէնքներով հեռու կը պահէ մեզ մեր եկեղեցիէն, հաւատքէն, ազգային աւանդներէն եւ արժանիքներէն, սակայն անոնք մեզ պէտք չէ հեռացնեն Աստուծմէ եւ պէտք չէ անջատեն մեր եկեղեցիէն, պէտք չէ մարեն հաւատքի կայծը, ազգային շունչը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք:

Ապա Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES