«Ազդակ»-ի Կազմակերպութեամբ. Զրոյց` «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Նախօրեակին Հայութեան Շառաւիղներուն Վիճակը» Նիւթով

zrouitsԱնցեալ շաբաթ «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին հայութեան շառաւիղներուն վիճակը» նիւթով զրոյց մը: Զրուցակիցներն էին ազգագրագէտ, պատմական գիտութիւններու տոքթոր Յարութիւն Մարութեան եւ հրապարակագիր, մտաւորական Յակոբ Պալեան: Զրուցավարն էր «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Զրուցակիցները խօսեցան ազգագրական հարցերու Հայոց ցեղասպանութեան հետ ունեցած առնչութեան մասին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներկայ բնակչութեան, սփիւռքահայութեան, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ իսլամացուած հայերուն ու Հայոց ցեղասպանութեան առնչուած յիշողութեան եւ այլ հարցերու մասին:

Զրոյցի տեսերիզը յառաջիկային պիտի զետեղուի «Ազդակ»-ի կայքէջին վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES