Ճատրակ. Մակնիւս Քարլսըն` Աշխարհի 16-րդ Ախոյեանը

carlsonՆախորդ շաբաթավերջին Հնդկաստանի մէջ աւարտեցաւ ճատրակի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար պայքարը, երբ տեղի ունեցաւ 10-րդ հանգրուանի մրցումը` Վիշվանաթան Անանտի (Հնդկաստան) եւ Մակնիւս Քարլսընի (Նորվեկիա) միջեւ:

Քարլսըն, որ կը մրցէր ճերմակ քարերով, իր այս մրցումը աւարտեց հաւասարութեամբ` 65-րդ շարժումին:

Սակայն հակառակ այս հաւասարութեան, 22 տարեկան Քարլսըն հանդիսացաւ աշխարհի 16-րդ ախոյեան` նկատի ունենալով, որ երկուքին միջեւ արդիւնքը եղաւ 6,5-3,5:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )