Ճատրակ. Հայաստանի Տղոց Ազգային Հաւաքականը` Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութեան

armenia-chess-team26 նոյեմբերէն 5 դեկտեմբեր Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեանութիւնը:

Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը` հետեւեալ կազմով. Լեւոն Արոնեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Վլատիմիր Յակոբեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Տիգրան Լ. Պետրոսեան: Անոնց մարզիչն է Արշակ Պետրոսեան:

Հայաստանէն բացի ախոյեանութեան մասնակցող երկիրներուն հաւաքականներն են` Ռուսիա, Ուքրանիա, Հոլանտա, Գերմանիա, Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան, Եգիպտոս, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան:

Մրցումները կը սկսին ժամը 17:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով: 1 դեկտեմբերին հանգիստի օր է:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )