Ուքրանիոյ Մէջ Եւրոպական Միութեան Հետ Ընկերակցութեան Համաձայնագիրի Ստորագրութեան Յետաձգման Դէմ Մեծ Հաւաք Եւ Բախումներ

UkraineՈւքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ աւելի քան 100 հազար ցուցարարներ հաւաք մը կատարեցին` բողոքելով Ռուսիոյ կողմէ ճնշումի տակ Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնութեան նախաստորագրումը յետաձգելու կառավարութեան որոշումին դէմ: Ցոյցին մասնակից ընդդիմադիր ղեկավարներ յայտնեցին, որ ատիկա 2004-ի Նարնջագոյն յեղափոխութենէն ետք մեծագոյնը պիտի ըլլայ:

Ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ օգտագործեց ետ մղելու համար ցուցարարները, որոնք փորձեցին կառավարական շէնքերուն շուրջ ոստիկանութեան հաստատած ապահովական գօտին ճեղքել:

Ուքրանիա անցեալ շաբաթ որոշած էր յետաձգել Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնութեան նախաստորագրումը` յայտնելով, որ չի կրնար Մոսկուայի հետ կապերը խզել: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Եւրոպական Միութիւնը ամբաստանեց Վիլնիուսի մէջ 28-29 նոյեմբերին համաձայնութիւնը նախաստորագրել պարտադրելու համար Ուքրանիան շանթաժի ենթարկելու մէջ:

Ուքրանացի ցուցարարները հաւաքուեցան Եւրոպական հրապարակին վրայ` բարձրացնելով պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին «Կ՛ուզեմ Եւրոպայի մէջ ապրիլ»-ի կամ «Ուքրանիա Եւրոպայի մաս կը կազմէ»-ի նման կարգախօսներ:

Ուքրանիոյ վարչապետ Միքոլա Ազարով ուրբաթ օր յայտարարած էր, որ համաձայնութիւնը չնախաստորագրելու որոշումին դրդապատճառը միայն տնտեսական եւ «մարտավարական» է: Ան ըսաւ, որ որոշումը Ուքրանիոյ զարգացման ընդհանուր ռազմավարութիւնը չի փոխեր:

Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ, որ հինգշաբթի օր Ուքրանիոյ որոշումէն ետք Քիեւ իր այցելութիւնը ջնջած էր, յայտնեց, որ եթէ Ուքրանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համաձայնութիւնը նոյեմբերին չստորագրուի, ապա ատիկա կարելի պիտի ըլլայ յաջորդ տարուան ձմրան վերջաւորութեան-գարնան սկիզբը: Ըստ անոր, Եւրոպա կը յարգէ ընկերակցութեան համաձայնագիրի նախաստորագրութեան հարցին մէջ դադար առնելու Ուքրանիոյ որոշումը:

«Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ Վիլնիուսի մէջ տեղի ունենալիք «Արեւելեան համագործակցութեան» վեհաժողովին նախօրեակին Մոլտաւիոյ ընդդիմութիւնը երէկ բազմահազարանոց ցոյց մը կատարած է` ընդդէմ Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնագիրի նախաստորագրութեան:

50 հազար ցուցարարները կառավարութեան հրաժարականն ու արտակարգ ընտրութիւններ պահանջած են: Համայնավարներու ղեկավար, Մոլտաւիոյ նախկին նախագահ Վլատիմիր Վորոնին գործող իշխանութիւնները մեղադրած է երկրի սահմանադրութիւնը խախտելու մէջ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES