Եգիպտոս Թուրքիոյ Հետ Իր Դիւանագիտական Կապերու Մակարդակը Նուազեցուց
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պատր Ապտելաթի շաբաթ օր յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ Եգիպտոսի դեսպանը տուն կանչուած է եւ այդ երկրին հետ դիւանագիտական յարաբերութեանց մակարդակը` նուազեցուած: Ան ըսաւ, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Գահիրէի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հիւսէյն Աւնի Պոթսալըէն պահանջած է հեռանալ երկրէն եւ զինք անբաղձալի անձ մը նկատած:
Ապտելաթի երէկ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Անգարայի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները կը շարունակուին, բացի եթէ Թուրքիա որոշէ զանոնք խզել, «այդ ատեն կը նայինք»: Ան ըսաւ, որ իր երկիրը ներկայիս չի մտածեր Եգիպտոսի կեդրոնական դրամատան մօտ պահ դրուած թրքական միլիառ տոլարի պահեստը վերադարձնելու մասին` աւելցնելով, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մնայուն կապի մէջ է Անգարայի մէջ Եգիպտոսի դեսպանատան գործավարին հետ` հետեւելու համար վերջին զարգացումներուն:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ մաղթեց, որ «Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւնները անգամ մը եւս իրենց հունին վերադառնան»:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր Տրապիզոնի մէջ ըսաւ, որ «ես ունիմ կեցուածք մը, որ ծանօթ է, անոնք ատիկա պատճառաբանեցին: Ասիկա բան մըն է, որ միշտ կ՛ըսեմ եւ արձանագրուած է: Պիտի շարունակեմ նաեւ ըսել այսուհետեւ: Երբեք պիտի չյարգեմ անոնք, որոնք զինուորական յեղաշրջումի ճամբով իշխանութեան կը հասնին»` աւելցնելով, որ «երբեք չեմ յարգած անոնք, որոնք ժողովուրդին գերիշխանութիւնը չեն յարգեր, այլ մենք միշտ կը յարգենք անոնք, որոնք ժողովուրդին կամքը կը յարգեն»:
«Մենք լաւ յարաբերութեանց մէջ պիտի ըլլանք անոնց հետ, որոնք մեզի հետ դրական կը վարուին: Բարեկամ պիտի ըլլանք անոնց, որոնք կ՛ուզեն բարեկամ ըլլալ, եւ մեր դռները պիտի բանանք: Երբեմն վէճեր կրնան ըլլալ, սակայն անոնք հետագային կրնան դարմանուիլ», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով, որ «մենք զգուշ կերպով եւ վերահսկուած ձեւով կրնանք խզել մեր լաւ յարաբերութիւնները անոնց հետ, որոնք վատ են: Նոր յարաբերութիւններու կրնանք սկսիլ, երբ լաւ եղողներու հետ յարաբերութիւնները վատ են: Ասիկա դիւանագիտութեան օրէնքն ու արտաքին քաղաքականութեան տրամաբանութիւնն է»: