Իրան Եւ Վեցեակ Համաձայնութիւն Գոյացուցին

IranԺընեւի մէջ օրեր տեւած աշխուժ բանակցութիւններէ ետք, Իրան եւ Վեցեակը գոյացուցին համաձայնութիւն մը, ըստ որուն Իրան իր հիւլէական գործունէութեան մէկ մասը կը դադրեցնէ, փոխարէնը անոր դէմ հաստատուած շուրջ 7 միլիառ տոլարի պատժամիջոցներ կը ջնջուին: Համաձայնութիւնը վեց ամսուան համար է եւ առիթ կ՛ընծայէ, որ վերջնական համաձայնութեան համար բանակցութիւններ կատարուին:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ողջունեց համաձայնութիւնը` յայտնելով, որ ատիկա կը բովանդակէ «նկատառելի սահմանափակումներ, որոնք կը նպաստեն արգելք հանդիսանալու, որ Իրան հիւլէական զէնք պատրաստէ»:

Իրան համաձայնեցաւ միջազգային հետաքննիչներուն աւելի դիւրութիւններ ընծայել եւ իւրանիոմի հարստացման կարգ մը աշխատանքները դադրեցնել:

Մինչ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէի ողջունեց համաձայնութիւնը, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ ժամանակաւոր համաձայնութիւնը կը ճանչնայ Իրանի հիւլէական «իրաւունքները»: «Իւրանիոմի հարստացումը պիտի շարունակուի, եւ այդ ալ` իրանեան հողամասերուն վրայ», ըսաւ ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ «Իրան մեզի հետ իր յարաբերութիւնները երկար տեւողութեան վրայ զարգացնելու համար պէտք է իր վարմունքը փոխէ»: Ան նշեց, որ համաձայնութիւնը շրջանը Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներուն, ներառեալ` Իսրայէլի համար աւելի ապահով պիտի դարձնէ: Սակայն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան նախարարաց խորհուրդի ժողովին ընթացքին յայտնեց, որ Ժընեւի համաձայնութիւնը «պատմական սխալ» մըն է, եւ իր երկիրը իրեն կը վերապահէ ինքզինք պաշտպանելու իրաւունքը:

«Այսօր աշխարհը շատ աւելի վտանգաւոր վայրի մը վերածուեցաւ, որովհետեւ աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր վարչակարգը աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր զէնքը ձեռք ձգելու համար նկատառելի քայլ մը առաւ», ըսաւ ան: Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ան աւելցուց, որ Իսրայէլ գոյացած համաձայնութեան յանձնառու չէ: «Չենք կրնար եւ պիտի չարտօնենք, որ վարչակարգ մը, որ Իսրայէլի բնաջնջումին կոչ կ՛ուղղէ, իր նպատակը իրագործելու միջոցներուն տիրանայ», ըսաւ ան:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն յայտնեց, որ «Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւնը իրանեան ժպիտներու յարձակումին դիմաց անձնատուութիւն է», իսկ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման ըսաւ, որ «Ժընեւի համաձայնութիւնը Իրանի դիւանագիտական մեծագոյն յաղթանակն է»:

Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի ողջունեց համաձայնութիւնը` զայն նկատելով «շրջանի ապահովութեան եւ կայունութեան ուղղութեամբ դէպի յառաջ քայլ մը, որ լարուածութեան կէտերը պիտի չէզոքացնէ»:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ ինք աւելի համապարփակ լուծումի մը կը սպասէ: «Այն ինչ որ կատարուեցաւ բեկում մըն է, սակայն պարզապէս երկար եւ դժուար ճամբու մը վրայ առաջին քայլ մը», ըսաւ ան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ համաձայնութիւնը կրնայ նպաստել Սուրիոյ տագնապի լուծման «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի պատրաստութեան աշխատանքներուն:

Համաձայնութիւնը ողջունեցին նաեւ Լիբանան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտարարեց, որ Հայաստան կ՛ողջունէ համաձայնութիւնը` նշելով, որ «ասիկա լաւ լուր է ոչ միայն շրջանի, այլ նաեւ ամբողջ միջազգային ընտանիքին համար: Հայաստան միշտ ալ արտայայտուած է բանակցութիւններու միջոցով, խաղաղ ճամբով խնդիրի լուծման օգտին: Թէեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը ժամանակաւոր բնոյթ ունի, սակայն անիկա ճամբայ կը բանայ բանակցային բոլոր կողմերու ջանքերուն շնորհիւ խնդիրի համապարփակ լուծման համար»:

Թուրքիա եւս ողջունեց Իրանի եւ Վեցեակի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ «Թուրքիա, որ հարցի լուծման համար դիւանագիտական հոլովոյթը կենդանի պահելու ամէն ջանք թափեց, պատրաստ է որեւէ տեսակի աջակցութիւն ցուցաբերելու»: Համաձայնութենէն ժամեր առաջ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու նշած էր, որ ուրիշներէն աւելի Թուրքիան է, որ համաձայնութեան գոյացումը կ՛ուզէ: «Այս համաձայնութիւնը պիտի օգնէ, որ մեր շրջանին մէջ լարուածութիւնը վնասազերծենք եւ միջազգային թատերաբեմի վրայ աշխատանքի նոր ուժ հաստատենք», ըսած էր ան:

Սէուտական Արաբիոյ Շուրայի խորհուրդի նախագահ Ապտալլա Ասքար յայտնեց, որ «մեծ տէրութեանց եւ Իրանի միջեւ գոյացած համաձայնութենէն ետք Միջին Արեւելքի շրջանի բնակչութեան աչքերէն քունը պիտի փախչի»: «Այն մտավախութիւնը ունիմ, որ Իրան իր հիւլէական ծրագիրէն բան մը զիջի` շրջանային քաղաքականութեան առումով մեծ ուժերէն բան մը ստանալու համար», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Իրանի աւելի լայն ասպարէզի կամ շրջանին մէջ անոր աւելի ազատ դաշտի տրամադրումին նկատմամբ մտավախութիւն ունիմ»:

Ըստ Սպիտակ տան, համաձայնութեան գլխաւոր կէտերն են.

– Իրան պիտի դադրի իւրանիոմը 5 առ հարիւրէ աւելի հարստացնելէ (այդ համեմատութենէն աւելին կ՛արտօնէ, որ հիւլէական զէնք արտադրելու աշխատանք տանի) եւ այդ համեմատութենէն աւելի հարստացուած իւրանիոմի իր պահեստի ծաւալը նուազեցնէ:

– Իրան հետաքննիչներուն յաւելեալ դիւրութիւններ պիտի ընծայէ, ներառեալ` առօրեայ մուտք Նաթանզ եւ Ֆորտօ հիւլէական կեդրոններ:

– Փոխարէնը, յառաջիկայ վեց ամիսներուն հիւլէական թղթածրարին առնչութեամբ նոր պատժամիջոցներ պիտի չհաստատուին, եթէ Իրան համաձայնութիւնը յարգէ:

– Իրան նաեւ 7 միլիառ տոլար արժողութեամբ պատժամիջոցներու ջնջում պիտի ստանայ, ներառեալ` յարգի մետաղներու մարզին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )