Ազրպէյճանի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանատան Դէմ Ահաբեկչութիւն Կանխարգիլուած Է

Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ ձերբակալուած է Իրանի մէկ քաղաքացին, որուն շուրջ այն կասկածը գոյութիւն ունի, որ Պաքուի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան եւ ատոր աշխատակիցներուն դէմ յարձակումի փորձ կը ծրագրէր:

Ազրպէյճանցի իրաւապահները զինք խուզարկելու ատեն յայտնաբերած են դեսպանատան եւ անոր անձնակազմին դէմ յարձակումի մանրամասն նախագիծ:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներու պնդումով` ձերբակալուածը Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի գործակալ է:

Պաքուի դատարանը անցեալ շաբաթ 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտած է Իրանի այլ քաղաքացի մը` Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանատան դէմ յարձակում նախապատրաստելու մեղադրանքով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )