Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Lebanon_report-2ՔՈՒՍԱՅՐԻ ճամբով Լիբանանէն Սուրիա մուտք գործող ինքնաշարժ մը սահմանին վրայ զինեալ բախումներ ունեցաւ սուրիական բանակին հետ: Բախումներուն պատճառով սպաննուեցան ինքնաշարժին մէջ գտնուող բոլոր զինեալները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ եթէ Լիբանանի մէջ քաղաքական խախտումներուն վերջ մը չդրուի, ապա Լիբանան ապահովական յաւելեալ ցնցումներ պիտի վկայէ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ժազիրա» օրաթերթը Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի դէմ ցեխարձակումներ կը հրապարակէ: Նասրալլայի դէմ վարկաբեկիչ խօսքերէն մէկը այն է, որ ան համայնքային լարուածութիւն դրդող ղեկավար մըն է, որ արաբական ազգային ապահովութիւնը վտանգի կ՛ենթարկէ:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Իրանի եւ Արեւմուտքի միջեւ համաձայնութիւնը դրական է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է զգուշանալ Իսրայէլի հիւլէական ծրագիրէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը սպառնալիքներ չէ ստացած` աւելցնելով, որ դեսպանատան աշխատանքները բնական կերպով պիտի շարունակուին:

ՊԵՔԱԱՅԻ Մարժ գիւղաքաղաքին մէջ լսուած է պայթում մը, որուն պատճառը հրկիզուող անտառի մը մէջ գտնուող հին ռումբ մըն էր:

ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի յայտնեց, որ առանց որոշ արգելքներու դէպի Արսալ ինքնաշարժներու մուտքը շրջանին ապահովութիւնը կը խախտէ եւ վտանգներ կը յառաջացնէ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներէն, նշեց, որ Պէյրութի մէջ իրանեան դեսպանատունը պայթումի թիրախ դարձնելու պատասխանը պիտի տրուի Սուրիոյ մէջ` սուրիական բանակին կողմէ Քալամունի Տէյր Աթիէ շրջանին վերատիրացումով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած պատահարներուն պատճառը Սուրիոյ ներքին հարցերուն Հըզպալլայի միջամուխ դառնալն է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ իրանեան դեսպանատան դէմ գործուած յարձակումը հաւատադրժողականներուն ձեռամբ գործադրուած իսրայէլեան պատգամ մըն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը` առանց անոր ճակատագիրը շրջանային զարգացումներուն հետ կապելու: Ան շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը միջլիբանանեան փոխըմբռնումին առումով ճիգ չի խնայեր` աւելցնելով, որ անկարող եւ անատակ պատասխանատուները առաջին առիթով իսկ պէտք է լքեն իրենց պաշտօնները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ երկրին կացութիւնը խանգարել փորձող կողմերը ականուած ինքնաշարժներուն դիմաց ճամբայ կը բանան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութիւն կատարելու` դուրս գալու համար Լիբանանին սպառնացող ներկայ տագնապէն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )