Ռայի Պատրիարքը Հռոմէն Կը Մերժէ Բռնարարքները

Պենետիկտոս ԺԶ. եւ Ռայի պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ կը գտնուէր Հռոմ` մասնակցելու համար Ֆրանչիսկոս պապին նախագահութեամբ տեղի ունենալիք Արեւելքի պատրիարքութիւններուն նիստին, հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ. նախկին պապին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը Պենետիկտոս ԺԶ.-ի յանձնեց անոր Լիբանան այցելութեան մասին հրատարակուած գիրքը, որուն մէջ հրապարակուած էին անոր այցելութիւններուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր արձակած վերջին «Առաքելական յորդոր»-ը` նկատի ունենալով, որ այդ այցելութենէն ետք ինք պապի իր պաշտօնէն հրաժարած էր:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Վատիկանի մէջ ընդունեց Հռոմի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Թահեր Ռուպպանին, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց Պէյրութի մէջ իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձնող պայթումներուն պատճառած զոհերուն սուգին առիթով եւ խստիւ դատապարտեց արձանագրուած որեւէ տեսակի վայրագութիւն կամ բռնարարք:
«Մենք կառչած կը մնանք բոլորին միջեւ երկխօսութիւն կատարելու եւ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը ընդգծող մեր կեցուածքներուն», ըսաւ Ռայի պատրիարքը` շեշտելով Լիբանանը շրջանային տագնապներէն չէզոք պահելու կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, Ռուպպանի բարձր գնահատեց Ռայի պատրիարքին զօրակցական կեցուածքները` Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան նկատմամբ:
Ան շեշտեց, որ Թեհրան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ չափաւորականութիւն հաստատելու համար:
Ռայի պատրիարքը Պէյրութ պիտի վերադառնայ վաղը` երեքշաբթի, 26 նոյեմբերին:

