Փաղանգաւոր Կուսակցութեան 77-ամեակ. «Մենք Նահատակներու Կուսակցութիւն Ենք Եւ Հրթիռներէն Չենք Վախնար Շեշտեց Ամին Ժեմայէլ

Ամին Ժեմայէլ
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը երէկ «Պիել»-ի մէջ նշեց կուսակցութեան հիմնադրութեան 77-ամեակը:
Հանդիսութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը ներկայացնէր ընկեր Յակոբ Խաչերեան: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան:
Պաշտօնական ձեռնարկէն առաջ, Նահր Քալպի փապուղիին կից բացումը կատարուեցաւ նահատակ նախարար Փիեռ Ժեմայէլի նուիրուած յուշարձանին:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ արաբական աշխարհը կը հրկիզուի, սակայն իրենք վստահութիւն ունին Լիբանանի վրայ, որ բոլոր մարտահրաւէրներէն աւելի հզօր դուրս պիտի գայ:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք կը ներշնչուին Աստուծմով, ժողովուրդով եւ նահատակներով:
«Մեր հաւատքը կը պարտինք Փաղանգաւոր կուսակցութեան հիմնադիր Փիեռ Ժեմայէլի եւ կը շարունակենք քալել անոր ուղեգիծով, իսկ մեր հաւատքը կը զօրացնենք Պաշիր Ժեմայէլով, որ նահատակուեցաւ 10,452 քառ. քիլոմեթրի հանրապետութեան ճամբուն վրայ: Մեր հաւատքը հզօր է մեր նահատակներով, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն նահատակներով», նշեց Ժեմայէլ:
Ժեմայէլ իր խօսքին մէջ նշեց նաեւ, որ իրենք նահատակներու կուսակցութիւն են եւ ոչ թէ զէնքի: «Մեզի յայտարարութիւնները, հրթիռները, սուրերը կամ ծայրայեղական հոսանքները չեն վախցներ: Մենք զէնք չենք փնտռեր, այլ` կը պայքարինք զէնքին դէմ եւ կը ծառայենք Լիբանանին ու լիբանանեան համախոհութեան` ի խնդիր անոր ազգային ազատ որոշումի վերակենդանացման», հաստատեց ան: