Լիբանանի Անկախութեան 70-ամեակի Պաշտօնական Նշում

Զինուորական տողանցքէն պահ մը

Զինուորական տողանցքէն պահ մը

Լիբանանի անկախութեան 70-ամեակին առիթով ուրբաթ, 22 նոյեմբեր 2013-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի Շաֆիք Ուազզանի անուան պողոտային վրայ կատարուեցաւ զինուորական տողանցք, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, ընթացիկ կառավարութեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, նշանակեալ կառավարութեան վարչապետ Թամմամ Սալամ, իշխանութեան նախկին պետեր, նախարարներ, երեսփոխաններ, տարբեր համայնքներու հոգեւոր պետեր, օտար դիւանագէտներ, տարբեր դեսպանատուներու զինուորական կցորդներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, Լիբանանի մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:

Տողանցքի վայրը նախ ժամանեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ պատուոյ պահակագունդին դիմաց ողջունեց զինուորական տողանցքին մասնակիցները, ապա ժամանեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն, որուն յաջորդեցին Թամմամ Սալամ եւ Նեժիպ Միքաթի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի:

Նախագահ Սլէյման իր ժամանումէն ետք նախ ծաղկեպսակ մը զետեղեց` լիբանանեան քայլերգի եւ մահերգի նուագակցութեամբ: Ապա ան պաշտպանութեան նախարարին ու բանակի հրամանատարին ընկերակցութեամբ յատուկ ինքնաշարժով մը անցաւ տողանցքի պատրաստ միաւորներուն առջեւէն` ստուգելով անոնց պատրաստուածութիւնը:

Այս արարողակարգին հետեւեցաւ տողանցքը, որուն ընթացքին բանակի տարբեր զօրամասերու եւ բաժանումներու անդամ զինուորներ գունդ առ գունդ տողանցեցին պատուոյ թրիպիւնին մէջ իրենց տեղերը գրաւած իշխանութեան չորս պետերուն եւ հիւրերուն դիմաց:

Տողանցքին մասնակցեցան նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու, ընդհանուր ապահովութեան սպասարկութեան, մաքսատնային ոստիկանութեան եւ այլ զօրաբաժանումներու անդամներ եւ աշխատակիցներ:

Տողանցքին աւարտին, բանակին շեփորախումբը իր կարգին քալեց պատուոյ թրիպիւնին առջեւէն եւ տողանցքը հասաւ իր աւարտին:

Բանակի հրամանատարը կը յարգէ նահատակ զինուորականներու յիշատակը

Բանակի հրամանատարը կը յարգէ նահատակ զինուորականներու յիշատակը

Տողանցքէն ետք իշխանութեան պետերը ուղղուեցան Պաապտայի պալատ, ուր անոնք ընդունեցին շնորհաւորութիւններ պետական, նախարարական, խորհրդարանական, վարչական, կրօնական, զինուորական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններէ ու պատուիրակութիւններէ:

Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով նախագահական պալատ բարձրացան նաեւ հասարակական, քաղաքացիական, մշակութային, մարզական, տնտեսական, ընկերային թէ այլ մարզերու մէջ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք անկախութեան 70-ամեակին առիթով փոխանցեցին իրենց շնորհաւորութիւնները:

Նշենք, որ անկախութեան առիթով պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն ծաղկեպսակ մը զետեղեց նախարարութեան մուտքին գտնուող Էմիր Ֆախրէտտինի յուշարձանին, իսկ զօր. Քահուաժի Եարզէի մէջ ծաղկեպսակ մը զետեղեց բանակի նահատակներուն յուշարձանին:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Լիբանանի անկախութեան առիթով շնորհաւորագիրներ ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնէն:

Օպամա եւ Քամերոն հաստատեցին Ուաշինկթընի եւ Լոնտոնի զօրակցութիւնը Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ կայունութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES