Պըրրի Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Կ՛ուղղուի Իրան

berri_in_tehranԽորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Իրան:

Պըրրիի ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կազմեցին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Ապտել Լաթիֆ Զէյն, Ղազի Զաայթեր, Ալի Ֆայեատ, Քասեմ Հաշեմ, ինչպէս նաեւ վարչական հարցերու եւ լրագրողներու պատուիրակութիւն մը:

Թեհրանի մէջ Պըրրի եւ լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Իրանի խորհրդարանի փոխնախագահ Մոհամետ Ռիտա Պահունարի, իրանեան խորհրդարանական յանձնախումբերու նախագահներու, Իրանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆատի Հաժ Ալիի, ինչպէս նաեւ Թեհրանի մէջ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Իրանի մէջ պիտի քննարկուին երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

«Ո՞վ որոշած է, թէ քաղաքականութիւնը չի ծննդաբերեր», հարց տուաւ Պըրրի օդակայանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ:

Ան շեշտեց, որ քաղաքականութիւնը այսօր Իրանէն եւ ի մասնաւորի Թեհրանէն ծնունդ կ՛առնէ` Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ միջազգային այս համաձայնագիրէն ետք: «Իսկ միջազգային այս համաձայնագիրը քաղաքական հիւլէական ռումբ մըն է եւ արաբական ու իսլամական շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու առիթ մը», շեշտեց Պըրրի:

Ան յոյս յայտնեց, որ այդ համաձայնութիւնը ըլլայ սուրիական տագնապին լուծման մեկնակէտը եւ ապա առիթ տայ արաբներուն եւ Իրանի միջեւ վստահութիւնը վերահաստատելու: «Ներկայիս այս վստահութիւնը շատ կարեւոր է, որպէսզի ան փոխարինէ այս հանգրուանին օգտագործուող Տրովադայի ձին, որ սիւննի-շիի սադրանքն է: Կողմնացոյցը կարելի չէ սիւննի-շիի սադրանքներուն ընդմէջէն շտկել, այլ` վերադառնալով հիմնական հարցին` պաղեստինեան հարցին», ըսաւ ան` շեշտելով, որ Իսրայէլ այս համաձայնագիրէն պարտուած դուրս կու գայ:

Իր կարգին, Պահունար մաղթեց, որ Պըրրիի այցելութիւնը ըլլայ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու առիթ մը:

Թեհրանի մէջ Պըրրի այսօր առաւօտեան հանդիպում պիտի ունենայ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի հետ:

Հանդիպումէն ետք կը նախատեսուի մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը կայացումը:

Յետմիջօրէին Պըրրի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը պիտի ընդունուին Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ:

Share this Article
CATEGORIES