Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր ծրագիրներուն մասին առայժմ լուռ մնացէք, լաւ սերտեցէք միջոցները եւ նպատակը, ապա որոշեցէք: Գործը ինքզինք ցոյց կու տայ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ ձեր հասցէին քննադատական խօսքեր լսէք, կարեւորութիւն մի՛ տաք: Շարունակեցէք ձեր աշխատանքը, որովհետեւ մարդ գործով կ՛արժեւորուի:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրը ունի քանի մը հանդիպումներ: Առաջնահերթութեան կարգով կրնաք ներկայութիւն ըլլալ: Եթէ ծանրաբեռնուած էք, կրնաք փոխանցել ձեր ներողամտութիւնը առ որ անկ է:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի վերյիշէք անցեալի ձեր օրերը, պիտի ունենաք յուզումի եւ երանութեան զգացողութիւն: Նոյն ատեն դէպի յառաջ ընթանալու ձեր ջանքերը զարգացուցէք: Երազկոտ մի՛ ըլլաք ներկայիս:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Արժանաւոր անձին նկատմամբ տուէք ձեր գնահատականը, ինչպէս որ կը կատարէք քննադատելի արարք մը: Արդար մնացէք ձեր որոշումին մէջ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մի՛ աճապարէք որոշում մը տալու, այլ հարցուցէք կարծիքը փորձառու անձերու: Հանդարտ տրամադրութիւնը նոր միտքեր կը ներշնչէ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ ծնողք էք, հետեւեցէք ձեր զաւակներուն կրթական առօրեային: Եթէ ամուրի էք, ձեր շրջանակին մէջ մնացէք ընկերասէր եւ ծառայասէր:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ստուգեցէք դրամատնային ձեր հաշիւները, որպէսզի տնտեսական դժուարութիւն չունենաք եւ ձեր պիւտճէն մնայ հաւասարակշռուած, ոչ մտահոգիչ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընկերային հանդիպումի մը ընթացքին պիտի արտայայտէք ձեր տեսակէտը, բայց եթէ ան մեծամասնութեան հաւանութեան չարժանանայ, մի՛ յուսալքուիք, այլ  նկատեցէք փորձառութիւն մը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր գործունէութիւնը ուշագրաւ ըլլալով` պիտի արժանանայ դրուատիքի: Այդ ամէնը ընդունեցէք խոնարհաբար` շարունակելով աշխատիլ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հակառակ սեռէն անձ մը պիտի արտայայտէ իր սէրը ձեզի: Ընդառաջելով` ձեր կարգին արտայայտեցէք ձեր անկեղծ տրամադրութիւնը այդ զգացումին:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Գլուխ գլխի հանդիպում մը պիտի ունենաք ձեզի մօտիկ անձի մը հետ, լուծելու համար ընտանեկան հարց մը, որ ստեղծուած է թիւրիմացութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES