50 Տարի Առաջ (26 Նոյեմբեր 1963)

Յարութիւն Թորոսեանի
Հայկական Ճակատագիրը

Ասկէ 150 տարի ետք պիտի գտնուի անշուշտ ջղային ու անհամբեր պատմաբան մը, որ փորձէ հասկնալ թէ 960-ական թուականներուն աշխարհի երեսին ինքզինք աքսորած այս խլրտուն, շուարած ժողովուրդը իր ո՞ր աչքերով ու մատներով դեռ կառչած էր սալայատակներուն, հովին ու լոյսին ու լոյսի մէջի մթութեան: Հաւանաբար չքննէ մեծաքանակ ու հեղուկ զանգուածը, որ հողին մէջ թաղուած մինչեւ մէջք ու կէս քուն` ո՛չ կը բուսնի, ո՛չ ալ կը չորնայ, այլ կա՛յ պարզապէս, կեղծ-ռոմանթիք թերթօնի մը նման: Կարելի է մտածէ միւսներուն մասին. այն, որ ունեւոր դասակարգ կը կոչուի, հակառակ որ շատ ալ յայտնի չէ, թէ ի՛նչ ունի: Զանգուած, որ նիլօն է արեւածաղիկներու կռթնած` ինքզինք կ՛երազէ:

Պատմաբանը, ճարահատ, կը քննէ մտաւորականութիւնը: Ի՞նչ կ՛ընեն այս մարդիկը, Աստուա՛ծ իմ, մոռցած ժողովուրդն ու մարդկութիւնը ու նետուած վէճի, համբաւի մրցումին, հայրենիքն ու անցեալը վերածած դեղահատերու, երբ պէտք եղածը սփիւռքի ձեռքին հպումն է միայն:

Ի՞նչ մնաց. ապրելու դատապարտուածներուն մէջ ո՞վ է ան, որ գիտէ, թէ ինք բանտին մէջ է, կը հասկնայ, թէ հայութիւնը իր շուրջը պարիսպ քաշած` դանդաղօրէն անձնասպան կ՛ըլլայ: Կա՞ն մարդիկ, որոնք մեղսակից չեն այս ահարկու դաւաճանութեան:

Պատմաբանը քանի մը տիպարներու վրայ կանգ պիտի առնէ` հոգեւորականը, նկարիչը, երաժիշտը, բեմադրիչը, դերասանը նոյնիսկ: Հաւանաբար իր ուշը մէկ երկու աւելի մատչելի կաղապարներու վրայ քաշուի` երաժիշտ, նկարիչ: Երկերն ու մամուլի վկայութիւնները շատ տարտամ պարագիծ մը պիտի տան անոնց մասին, դժբախտաբար: Այս յօդուածին նպատակն է փորձել օգտակար ըլլալ այդ հեռաւոր անհատին` խուզարկելով մէկ նկարիչի թաքուն էութեան քանի մը սենեակները:

Թորոսեան ո՛չ հեռախօսի թիւ, ո՛չ ալ անձնական կառք ունի, վստահաբար դրամատան մէջ հաշիւ ալ չունի: Փողկապը չի շտկեր ուրիշներու ակնոցներուն մէջ նայելով, չի մսիր, երբ առանձնութեան պատին կռթնի ու լռութեան բառերը չի գործածեր քնաշրջիկներուն բարեւ տալու կամ ինքզինք միայն ծախող շրջուն վաճառորդներու պէս պատմելու, սակարկելու:

Այս նկարիչը Միջին Արեւելքի տարածուն ու շքեղ թշուառութեան մէջէն Եւրոպա նետած ինքզինքը ու ինկած Փարիզի հեղեղին մէջ, բայց կառչած` ածուխի կտորի մը, վրձինի մը, այս երիտասարդը անկասկած աւելի բան մըն է, քան` հասարակ անհատ մը: Տաղանդի հարց չենք դներ` այդ թողլով մասնագէտներուն: Միայն կ՛ուզենք, որ այդ ապագայ պատմաբանը տեսնէր պահ մը, թէ հայ երիտասարդ նկարիչ կոչուածը ի՛նչ տեսակ ներքին կեանքի մը դատապարտուած էր 1963-ին: Որպէսզի եթէ պատմաբանը պատահմամբ Թորոսեանի մէկ նկարին առջին կայնէր, գլուխը` սանկ ծռած, մէկ ոտքի վրայ, գիտնար, թէ արուեստագէտը սէրն էր, որ նկարած էր, հայ տղու սէրը, ապրելու անսահման ծարաւը: «Արուեստին խորքը սէրն է», կ՛աւելցնէ նկարիչը, հայ մանրանկարչական ալպոմէ մը դուրս սահած ու հոն բազկաթոռին մէջ ինկած ու հիմա շարունակելով, «արուեստագէտը նկատի պէտք է առնէ սակայն իր ընկերութեան իտէալները. առանձին է, բայց մինակ չէ»:

Վարը, Համրա փողոցին մէջ, ընկերութեան իտէալը քոմիսեր Այթանի կը թքնէ ու շուրջի խոնարհ մարդիկը վիզով ու գլուխով կը հետեւին թուքի աղեղին մինչեւ գետին:

«Առաջին կէտը ինքզինքին հետ անկեղծ ըլլալն է» կը շեշտէ: Հասարակ տեղիք, անշուշտ. խօսիլ ալ չի գիտեր այս նկարիչը: «Սէրը, սէրը… զայն տալ արուեստի կաղապարով կամ ալ քաշուիլ քոմիսեր Այթանիի ստեղծած աշխարհէն ու տալ երազի աշխարհ մը, գուրգուրանքի ու զարմացումի հայրենիք մը»: Բայց Թորոսեան ինքն ալ չի հասկնար, թէ ինչո՛ւ կը նկարէ: «Կեանքի անհեթեթութենէն կը փախչիմ… անհեթեթութիւնը գերազանցող ներդաշնակութիւն մը կը փնտռեմ… հաւանաբար», կը մրմրայ` մօտենալով իմաստասիրականականներուն: «Ամէն ինչ ձրի ու անհեթեթ` եթէ չըլլար արուեստը»: Անշուշտ անհեթեթի մասին այսօր Էյ. Պի. Սի.-ի կոկիկ տրտում տնօրէնը անգամ կրնայ երկու վայրկեան խօսիլ, բայց ոչ, վստահաբար, ամէն բանի ձրիութեան մասին: «Ձրի անհեթեթութիւն», կը շարունակէ, «որմէ միայն բարութեամբ ու արուեստով կրնաս բան մը փրկել»:

Ապիմաստը ու ներդաշնակութիւնը նոր զգայնութիւններ չեն մեր ժամանակին յատուկ: Տոսթոյեւսքի ալ, իր կոշտ ու դանդաղ հատորներով, ուրիշ բան ըսա՞ծ է: «Տոսթոյեւսքին զիս իր կեանքի ուժով կը լեցնէ» կը խանդավառուի Թորոսեան, «պատանութենէս ի վեր: Ու մարդկութեան հանդէպ այդ սէրը, բարութիւնը» կ՛անշարժանայ յանկարծ «սա հայկական գիծ է»:

Հայկական գի՞ծ. խնդա՞լ, լուրջի՞ առնել: Պատմաբանը, շուարած, գրամեքենան կը գոցէ` մտածելով, թէ իր նախահայրերը 150 տարի առաջ ի՞նչ կը գտնէին Տոսթոյեւսքիի մէջ: «Թշուառ ու յուսահատ օրերուս, ան է, որ զիս փրկած է»: Ալեոշա Քարամազո՞վն է, որ կը խօսի:

Մարդը կը փրկուի՞ սակայն, որեւէ ատեն: Եհովայի վկաները 14 լեզուով պատասխան ունին այդ հարցումին: «Հասկցած եմ անկէ, որ արուեստը գերագոյն երանութեան մը կը տանի, բայց անհրաժեշտ է, որ այդ ճամբան տառապանքէն անցնի: Ես հայ եմ ու այդ բառը կը բաւէ: Ուրիշներու վրայ ահագին աւանս ունիմ, միայն թէ մարդիկ արգելք չըլլան»:

Անշուշտ նիւթական արգելքի մասին չէ ըսածը: Փարիզի եւ ուսանողութեան տարիները հասկցուցած են, որ գիշերները օթոպիւս լուալով, առտուները բեռնակառք պարպելով, ճաշարանի ամանները չորցնելով` մարդ դրամի հանդէպ խոշոր, բարի արհամարհանք մը կը սորվի: «Պարզ ու բարի մարդիկ կան` սէրէ ու ցաւէ շինուած, ես անոնց համար մարգարէ մը կ՛ուզէի ըլլալ: Օգտակար մարգարէ մը անշուշտ` կեանքը աւելի տանելի դարձնելու համար»: Եթէ այս չէ հայութեան գիծը մարդկութեան մէջ, հապա ի՞նչ է:

Ռոմանթիք նկարիչ մը կ՛արձանագրէ պատմաբանը` մտածելով անկասկած Հիւկոյի մասին: «Հիւկոն չըլլար», կ՛ըսեն Թորոսեանի ձեռքերը: «Կոյայի ու Ռեմպրանտի նկարները տեսա՞ծ ես. գուրգուրանքի ու տառապանքի մէջ բռնուած հոգիներ, որոնք բանտի խորերէն բան մը կ՛ուզեն հասկցնել քովի խուցերուն մէջ արգելափակուած մարդոց»:

Լռութիւն:

«Արուեստը խոստովանութիւն մըն է», կը բանաձեւէ ի վերջոյ, «կեանքի անգութ խորհուրդի մասին: Այդ է բանտարկեալին պատգամը, մարդկօրէն միակ կարելին, կարեւորը: Այդ է ձրիութիւնը նաեւ, ամէն արարքի, առանց սակարկութեան. կա՛մ կ՛ընդունիս, կա՛մ կը մերժես»:

Ատենն է եզրակացնելու: Հարցում մը միայն. գո՞րծն է էականը, թէ՞ մարդը: Թորոսեան պահ մը կը մտածէ: «Ո՛չ մէկը, ո՛չ ալ միւսը. այլ անոնց ռափորը, յարաբերութիւնը: Արուեստագէտին միակ պատասխանատուութիւնը իր երկին հանդէպ է. երկին միակ պատասխանատուութիւնը հանրութեան հանդէպ է»: Մէկ բառ կայ, որ յստակ չէ հոս. հանրութիւն բառը: «Ո՛չ, Հայ հասարակութիւնը չէ այդ, այլ` մշակուած մարդոց հասարակութիւնը»: Ուրեմն եկանք սկզբնակէտին. «Նկարչութիւնը բարոյական արարք մըն է, որովհետեւ ըսելիք բաներ կան սիրոյ մասին, կեանքի աղուորութեան մասին»:

Այսպէս, գաւաթ մը ջուրի պէս պարզ ու խաղաղ հոն նստիլ, ըսել, թէ քառորդ դարու իր ամբողջ տառապանքէն ետք կեանքի դէմ դառնացած չէ, թէ ատելութիւն բառը իմաստ չունի, թէ` արուեստը հայ ըլլալու լաւագոյն ձեւերէն մէկն է. ա՛յս է հայութեան բուն գիծը, այն որ կորսնցուցած ենք 50 տարիէ ի վեր, եւ որ երիտասարդ մը եւ նկարիչ մը միայն կրնար հասկցնել հայրենակցական միութեան վարչութեան:

Պատմաբանը կրկին կը բանայ գրամեքենան ու մետաղէ մատները կը զարնեն տողերը. 960-ական թուականներուն հայութեան ճակատագիրը դեռ շատ անորոշ յղացք մըն է: Նկարիչ, երաժիշտ, վարդապետ եւ դեռ քանի մը ուրիշ չվարակուած, անկախ մտածումի տէր ու դարուն մտայնութեան հաղորդ երիտասարդներու մէջ կարելի է նշմարել հայութեան գիծը գծելու եթէ ոչ կարողութիւնը, գէթ` յո՛յսը:

 Վ. ՕՇԱԿԱՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )