Երիտասարդական Ոսպնեակ. Ինքնութեան Փնտռտուքէն Անդին Նորարար Մտածողութեան Հետքերով (ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 40-ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ      

«Ամեակներու նշումը նաեւ ծերութեան նշաններ են»:
ՏՈՔԹ. ԲԱԲԳԷՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

LEM_40amiag3Թէ ինչո՛ւ այս պատեհ առիթով մեր մտքի պաստառին վրայ ուրուագծուեցաւ արտասովոր մտածողութեան տէր մտաւորականի, հռետորի, ազգային գործիչի, իւրօրինակ մանկավարժի ու մանաւանդ դաշնակցական պայծառամիտ ղեկավարի սա պարզ ու անպաճոյճ, սակայն խորապէս իմաստալից խօսքերը, պարզապէս որովհետեւ անոր հոգեմտաւոր աշխարհին առանցքը կը կազմէին երիտասարդութիւնն ու  պատանութիւնը` իբրեւ կեանքի կենսաղբիւր եւ շարունակականութեան ցուցանիշ:

Ան իրեն յատուկ ոճով եւ մտածելակերպի յստակութեամբ յաճախ շեշտը կը դնէր երկու հիմնական արժեչափի վրայ, նախ` հայաշունչ ու դաշնակցական ակունքներէ սնունդ առնելու հրամայական պահանջին,  ապա` ստեղծագործ ու նորարար դաստիարակչական մօտեցումներու որդեգրումին:

Այլ խօսքով, որեւէ հաւաքականութիւն դատապարտուած է ամլութեան եւ ինքնասպառումի, եթէ երբեք իբրեւ կեանքի ուղենիշ չէ կրցած վերարժեւորել ու վերանորոգել ինքզինք` արդի ժամանակներու պարտադրած գիտական ու բարոյահոգեբանական արժեհամակարգերու համահունչ:

Արդ, նման մտասեւեռումներէ թելադրուած ողջունելի պէտք է նկատել ԼԵՄ-ի 40-ամեայ առաքելութիւնն ու ներկայութիւնը գաղութահայ կեանքի քաղաքական ու գաղափարական հարթակին վրայ, իբրեւ գործի, խանդավառութիւններու, ապրումներու, սէգ կեցուածքներու, եռանդի ու առողջ դաստիարակութեան  միջավայրի երիտասարդական օրրան:

Իրօք, այս առումով հպարտօրէն խոստովանիլ է պէտք, որ ԼԵՄ-ի շարքերէն անցած ու հասակ նետած իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի համար այս կառոյցը իւրայատուկ բեմ է հանդիսացեր կեանքի այս հանգրուանի տարբեր ոլորտներու ծանօթացման, արժեւորման, բայց մանաւանդ ինքնադրսեւորման, իբրեւ հաւաքական կեանքի մէջ իր դերն ու տեղը ունեցող անհատականութիւն:

Իր ծնունդէն (1973) ի վեր եւ յաջորդաբար չորս տասնամեակ ԼԵՄ-ը կը շարունակէ իրեն վերապահուած առաքելութիւնը, կ՛ապրի եւ գոյ է իր շրջապատին մէջ, ցոյց տուած է աշխատանքի եւ նուիրումի ամէնէն պայծառ օրինակները, եղբայրացած է իր ժողովուրդի ցաւերուն եւ տառապանքներուն հետ, ներկայ է եղած իրերօգնութեան ամէնէն վեհ ու հպարտառիթ գործունէութիւններուն, բալասան է դարձած բոլոր անոնց, որոնք կեանքի ճանապարհին չեն կրցած երիտասարդականի իրենց խայտանքն ու ապրումները յայտնել, հայաբոյր թէ մարդկային  արժանիքներու հանդիսավայր է եղած, ուժ եւ ոգի սերմանած, ինչպէս նաեւ` քաղաքական ու գաղափարական դաստիարակութեան ամէնէն վառ ու ներշնչող հնոցի իր վաւերականութեամբ, տիպար սերունդներ է մատուցած դաշնակցական ողջ ընտանիքին եւ հայ իրականութեան:

Այս բոլորին նշումը կը կատարենք, պարզապէս կրկին անգամ հարցադրելու եւ լոյսին բերելու այն ճշմարտութիւնը, թէ արդեօք ԼԵՄ-ը ցարդ իր անցած ուղիին մէջ կը գտնուի՞ այսօր, նոր ժամանակներու եւ կեանքի պարտադրանքներուն դէմ յանդիման զիջա՞ծ է իր մատուցած ծառայութենէն, հայավայել ու մարդկային իր ըմբռնումներէն հեռացա՞ծ է,   դաստիարակչական միաւորի հասկացողութենէն ետդարձ կատարա՞ծ է, գաղափարական հասունացումի միջավայր ըլլալէ դադրա՞ծ է, այլապէս  քաղաքականացած կերպարի իր հանգամանքէն բան կորսնցուցա՞ծ է, ազգային ցաւերով կ՛ապրի՞, անկախ հայրենիքի յառաջդիմութեամբ եւ ազատագրուած Արցախով կը տոգորուի՞ եւ այլն:

Յայտնապէս, 21-րդ դարու այս ժամանակներուն,  երբ սրընթաց կեանքի փոփոխութիւնը իր գլանին տակ է առեր ամէն ինչ, մարդկային ներաշխարհի մէն մի ոլորտ անգամ ենթակայ է այլասերումի, այսպէս ասած անկասելի արհեստագիտական նուաճումներու արշաւները կը պատուհասեն կեանքի բոլոր բնագաւառները, յառաջդիմութեան ու զարգացման յորձանուտեր գրեթէ ամէնօրեայ տարողութեամբ կը թակեն իւրաքանչիւր անհատի տան դռները, ա՛լ ինչ խօսք հնաբոյր, աւանդական դարձած եւ ոչ ժամանակակից գործելաձեւերու տակաւ շարունակուող երեւոյթներու հանդէսին:

Միթէ կարելի՞ է գոյատեւել, տարածուիլ եւ կամ ամուր արմատներու մասին ակնարկութիւններ կատարել, առանց նոր հորիզոններու յստակ ձեւաւորումին եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքի որդեգրումին:            

Թող ներուի ըսել, որ կեանքի տրամայի մասին չէ խօսքը, որքան ազգային ու հաւաքական մեր կեանքին հետ առնչութիւն ունեցող զանազան հարցերու, մտահոգութիւններու, մարզերու թէ կառոյցներու վերանորոգման եւ նոր շունչ ներմուծելու անյետաձգելի հրամայականին դէմ յանդիման` որոշում կայացնելու անհրաժեշտութեան:

Յաճախ կ՛ըսուի, երբեմն ալ չափազանցօրէն, թէ աւանդապաշտ ու գաղափարական հասկացողութիւններ, ազգային դիմագիծ եւ ուղղութիւն ունեցող աշխարհահայեացքներ ուշ կամ կանուխ ճակատագրուած են շիջումի`  իբրեւ մերօրեայ նիւթականացած ու զեխ կեանքի անխուսափելի պարտադրանքներու հետեւանք:

Միւս կողմէ կը հանդիպինք նաեւ «շէն» թելադրանքներու եւ ոչ համոզկեր միտքերու,  որոնց առանցքը աշխարհաքաղաքացիի թէ քաղքենիի հակամէտ մտմտուքներ են սոսկ, առանց հիմնաւորեալ տեսակէտներու եւ կենդանի գործի ընդգծումին:

Վերոնշեալ մտորումներուն լոյսին տակ շեշտելին կը մնայ այն, թէ ԼԵՄ-ի քառասունամեայ ողջ պատմութեան ընթացքին այս կառոյցը երբեւէ ինքնութեան հարց չէ ունեցած, այլեւ` այդ ինքնութեան նոր շունչ,  ոգի եւ որակ սերմանելու հարց է ծագած, պարզապէս քայլ պահելու համար արդի պայմաններու մօտեցումներուն հետ:

Այլ  խօսքով, ինքնուրոյն գոյատեւելու հաստատակամութեան  ու համոզումին առընթեր, իր շրջապատին բացուելու, տարբեր կարծիքներ ընկալելու, գործելադաշտեր ստեղծելու, յաւելեալ քննական միտք զարգացնելու, տխուր եւ պատեհապաշտ երեւոյթներու դէմ պոռթկալու, ազգային ու դաշնակցական արժէքներու գեղեցկութեամբ զրահաւորուելու, ուրիշը չընդօրինակելու, օտարամուտ հոսանքներէ չազդուելու եւ  նորարար մտածողութեամբ պարուրուելու հարկադրանքին մասին է խօսքը, որպէսզի անորոշութենէ եւ տեղատուութենէ ձերբազատի ԼԵՄ-ը եւ կարենայ շարունակել երբեմնի իր առաքելութիւնն ու սրբազան երթը:

Փաստօրէն, ԼԵՄ-ի կենարար սնունդ է եղած ՀՅԴ-ի պատմութիւնն ու անկէ ճառագայթող վեհագոյն արժանիքներու պաշտպանութիւնը: Չէ պատահած, որ կայանայ երիտասարդական այս միաւորին վերաբերող որեւէ ժողովական կեանք, հաւաքական գործունէութիւն, դաստիարակչական ուսուցմունք, թէ գործուղման աշխատանք, որուն կիզակէտը չըլլայ հայրենասիրութիւնն ու ազգային նուիրական արժէքներու տիրութիւն ընելու գաղափարական ջերմ ու ընկերական հասկացողութիւնը:

Ինչպիսի՛ բացատրութիւն տալ այն սրտապնդիչ եւ ոգեւորող երեւոյթներուն, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն թէժ օրերուն եւ ամբողջ տասնհինգ տարիներ ԼԵՄ-ականներ ոգի ի բռին աշխատեցան, տիւ եւ գիշեր իրենց ներկայութեամբ շունչ ու եռանդ  մատակարարեցին, դաշնակցական ակումբներու մէջ թէ տարբեր դիրքերու վրայ իրենց արիութեան եւ սխրանքներուն փայլքը հիւսեցին, զարկին ու զարնուեցան, նահատակութեան փառապսակին արժանացան` յանուն իրենց ժողովուրդի պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ բարօրութեան:

Անոնք` ԼԵՄ-ականները, չզլացան իրենց մասնակցութիւնը բերել Հայ դատի նուիրական աշխատանքներուն` արի կեցուածքի եւ բարձրուղեշ գիտակցութեան ընդմէջէն, երբ գաղափարանուէրի օրինակով մը ամբողջ մարդկութեան  սեփականութիւնը դարձուցին Լիզպոնի տղոց անկրկնելի քաջագործութիւնն ու ազատութեան բագինին անոնց զոհաբերութիւնը, վասն հայրենիքի ազատագրումին, ազգային վրէժխնդրութեան եւ դալկացած ուղեղներու վերազարթնումին:

Ճիշդ է, որ տարիներու ընթացքին երիտասարդական այս համախմբումը ունեցաւ բացթողումներ, դիմագրաւեց դժուարութիւններ, ապրեցաւ կամքի թուլացման եւ ինքնահաստատման տատանումի պահեր, ուզեց փշրել, սակայն կարողութիւնը չունեցաւ ձերբազատելու որոշակի ենթակայական կապանքներէ, պոռթկաց, ի հարկին ընդվզեցաւ, բայց կեանքի ու ժամանակներու թոհուբոհը, նեղմտութիւնն ու համատարած անտարբերութիւնը կաշկանդուած պահեցին զինք, մինչեւ եկաւ այն օրը, երբ նման բարդոյթներէ ձերբազատելու հրամայականին դէմ յանդիման ա՛լ որոշեց ու նախաձեռնեց ինքնաբիւրեղացման եւ վերաորակաւորման աշխատանքին:

Այլ ասած, ԼԵՄ-ը տարբեր ժամանակներու փորձ մը կատարեց եւ կը շարունակէ ցարդ իր պատեանէն դուրս գալու եւ իր շրջապատին ներկայանալու իբրեւ դաստիարակչական միաւոր, որուն աշխատանքի ծիրը կ՛ընդգրկէ նաեւ` հայրենի հողին վրայ սերունդներու դաստիարակութիւն, բանակումներու կայացում եւ Արցախի հողին քրտինքի եւ շունչի շաղախում:

ԼԵՄ-ի քառասուն տարիներու իւրայատուկ կենսագրութեան համապարփակ նշումն անգամ բաւարար է ընդգծելու այն վեհապանծ ճշմարտութիւնը, որ այս կառոյցը իրաւունքը ունի հպարտանալու, թէ  մշակոյթ, աւանդութիւն եւ դիմագիծ ստեղծած այս երիտասարդական կառոյցը ունի ազգային ու դաշնակցական պահուածք:

Առհասարակ մշակութային ինքնութիւն, քաղաքական միտք ու  յեղափոխական տրամադրութիւն ունեցող որեւէ հաւաքականութեան համար ջուրի եւ օդի չափ էական է նորարար մտածողութեամբ ներդաշնակելու գաղափարախօսական իր առօրեան եւ գործելադաշտի ամբողջ հարթակը, այլապէս անխուսափելի են մաշումի եւ փճացումի պարտադրանքները:

Եթէ երբեք ԼԵՄ-ի եւ ընդհանրապէս գաղափարանուէր երիտասարդի կերպարի եւ տեսակի հարց գոյութիւն ունի, ապա քառասունամեայ ճիգի, գործունէութեան, լինելութեան թէ ապրումներու դիտարկման հետամուտ անյետաձգելի հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուիք, հաւաքաբար:

Ըստ երեւոյթին, գաղափարական արժեչափերու պահպանման եւ կորսուած դիմագիծի վերանուաճման հարց ալ գոյութիւն ունի, որպէսզի ինքնութեան փնտռտուքէն անդին անցնելով` այսօրուան կեանքին ու մթնոլորտին համապատասխան գործելաոճերու որդեգրման միտող ամէն ճիգի հարազատութիւնը ամրագրուի:

Ունակ ըլլալու եւ հասկացողութիւն ցուցաբերելու հարկադրանքին տակ է նաեւ կազմակերպական մեր կեանքի բարելաւման ու շէնացման պատասխանատուութիւն ստանձնած ղեկավարութիւնը, որովհետեւ առանց նման գործընթացներու որդեգրման, պատանեկանի, երիտասարդականի թէ ուսանողականի մեր կառոյցները դատապարտուած են ստոյգ ամլացման եւ շիջումին:

Իր կարգին, ԼԵՄ-ի կառոյցը պարտաւոր է տէր կանգնիլ յիշողութեան այն փարոսին, որուն ճառագայթները իրենց վառ ու տիրական ցոլքերով լուսաւորեցին եւ կը շարունակեն լուսաւորել շրջապատ մը համակ, հակառակ բազմաթիւ դժուար պահերու եւ տեղատուութիւններու:

Հաւանաբար, ԼԵՄ-ի մեծագոյն նուէր պիտի ըլլայ այն, որ նոյնինքն ԼԵՄ-ի կառոյցը նախաձեռնէ երիտասարդական շարժումներու վայել ինքնափնտռտուքի, մասնագիտական մօտեցումներու որդեգրումին, ուսումնասիրական թէ վերլուծական հայեացքներու առաւել փթթումին, կազմակերպական կեանքի աշխուժացման, տարեկից երիտասարդ տարրի ներգրաւումին, լայնամիտ ու հանդուրժող կեցուածքի ընդգծումին, սխալներու եւ բացթողումներու սրբագրումին, առանց երկմտութեան եւ անորոշութեան մատնուելու` նոր գաղափարներու եւ տեսակէտներու ընդունման, դաստիարակչական նորովի մեթոտներու եւ մօտեցումներու ընդգծումին, բայց մանաւանդ` անվախօրէն ընդունելու փոփոխութեան առաջնորդող ամէն գործընթացի հետ հաշտեցումի միտում:

ԼԵՄ-ի քառասնամեայ երթը ըսուածին վկայութիւնն իսկ է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES