Զրոյց` «ԼԵՄ-ի 40-ամեակն Ու Հայ Երիտասարդութիւնը» Նիւթով

DSC08754Երէկ` երկուշաբթի, 25 նոյեմբերին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ «ԼԵՄ-ի 40-ամեակն ու հայ երիտասարդութիւնը» նիւթով զրոյց մը: Զրուցակիցներն էին ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Շանթ Յարութիւնեան, ԼԵՄ-ականներ եւ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» պաշտօնաթերթի խմբագրակազմի անդամներ Վարանդա Եագուպեան եւ Աշոտ Բագրատունի: Զրուցավարն էր «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան:

Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ԼԵՄ-ի 40-ամեակին առիթով կազմակերպուած օգտաշատ սեմինարին, 40 տարուան կեանք ունեցող ԼԵՄ-ի այսօրուան պատկերին, նորօրեայ աշխատանքներուն, լիբանանահայ երիտասարդութեան ներկայ իրավիճակին, անոր ունեցած ինքնութեան պահպանման պայքարին եւ անոր կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան որոշում տալու իրաւունքին, անոր նկատմամբ երէց սերունդին ունեցած վստահութեան:

Զրոյցին տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի զետեղուի «Ազդակ»-ի կայքէջին վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES