Ըստ Զուիցերիական Լրատուամիջոցի Մը. Ռուսիա Իսրայէլէն Խնդրած Է Չզինել Ազրպէյճանը
Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ռուսիոյ խնդրանքով որոշակի սրբագրումներ կատարած է Ազրպէյճանին զէնք մատակարարելու համաձայնագիրին մէջ:
Զուիցերիական «Այ.Էս.Էն.» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ խօսքը կը վերաբերի յարձակողական սպառազինութիւններու որոշ տարրերու մատակարարման դադրեցման:
«Այսօր Իսրայէլի մէջ ոչ ոք կրնայ վստահօրէն ըսել, թէ զուիցերիական լրատուամիջոցի տարածած տեղեկութիւնը տեղի ունեցած փա՞ստ է, թէ՞ քաղաքական խաբէութիւն», կը գրեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Լեհաստանի Միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկի վերլուծաբան Մարթին Փիոթրովսքիի կարծիքով` Ռուսիա մտադիր չէ շրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը փոխել, եւ այդ պատճառով ալ իսրայէլեան կողմէն կը խնդրէ փոխել Ազրպէյճանի հետ իր զինուորական համաձայնագիրը:
Ազրպէյճան իսրայէլեան զէնքերու մեծագոյն յաճախորդներէն է: Միայն անցեալ տարի Պաքու եւ Թել Աւիւ ստորագրած են 1.5 միլիառ տոլարի զէնքի վաճառքի համաձայնագիր:

