Վրաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. Եւրոպական Միութեան Հետ Ընկերակցութեան Վերաբերեալ Ուքրանիոյ Որոշումը Պիտի Չազդէ Թիֆլիսի Որոշումին Վրայ

MFA GeorgiaԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ` վկայակոչելով Վրաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Տաւիտ Զալքալիանիի խօսքերը, կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրման պատրաստութիւնները կասեցնելու մասին Ուքրանիոյ իշխանութիւններու որոշումը «ոչ մէկ ձեւով պիտի անդրադառնայ Վրաստանի որոշումին վրայ»:

Ան ափսոսանք յայտնած է Ուքրանիոյ որոշումին համար, սակայն ընդգծած, որ «ատիկա ոչ մէկ ձեւով պիտի անդրադառնայ Թիֆլիսի որոշումին վրայ»:

«Մենք կը մեկնինք Վիլնիուս, պիտի նախաստորագրենք համաձայնագիրը եւ պիտի սկսինք պատրաստուիլ անոր, որ փաստաթուղթը որքան կարելի է արագ ստորագրուի 2014-ին», ըսած է Զալքալիանի:

Վիլնիուսի վեհաժողովին ընթացքին Վրաստանի պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ երկրի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի: Պատուիրակութեան կազմին մէջ պիտի ըլլան նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավար Մայա Փանճիքիծէ, եւրոպական եւ եւրատլանտեան համարկման հարցերով պետական նախարար Ալեքսի Փեթրիաշվիլի եւ այլ պաշտօնատար անձեր:

Թիֆլիս յոյս ունի, որ Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը  ստորագրուի 2014-ի սեպտեմբերին: Այս հարցին շուրջ բանակցութիւնները սկսած են յուլիս 2010-ին:

 

Share this Article
CATEGORIES