Ազրպէյճան Հրաժարած Է Եւրոպական Միութեան Հետ Ընկերակցութենէն

Նովրուզ Մամետով
«Օպոզրեւաթել» կը գրէ, որ Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Նովրուզ Մամետով յայտարարած է, որ Ազրպէյճան չի պատրաստուիր Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի նախաստորագրութեան:
«Մենք արդէն Եւրոպական Միութիւնը տեղեակ պահած ենք, որ չենք կրնար ընդունիլ Եւրոպական Միութեան առաջարկած Ընկերակցութեան համաձայնագիրը: Մենք կ՛ուզենք պատրաստել փաստաթուղթ մը, որ աւելի լաւ պիտի համապատասխանէ մեր յարաբերութիւններուն եւ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան մակարդակին», ըսած է Մամետով:
Ան նշած է, որ Պաքու Եւրոպական Միութեան առաջարկած է, հաշուի առնելով համագործակցութեան արդէն իսկ ձեռք բերուած մակարդակը, ստորագրել գործընկերութեան համաձայնագիր:
«Նման համաձայնագիրը պիտի արտացոլէ երկկողմ համագործակցութեան մակարդակը եւ պիտի ապահովէ փոխադարձ յարգանք եւ կողմերու հաւասարութիւն», ընդգծած է Մամետով:
Ըստ անոր, Ընկերակցութեան համաձայնագիրը ինքնըստինքեան կը դնէ պայմաններ, որոնց կատարման պարագային միայն կարելի է դառնալ այդ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ:
Մամետով հերքած է նաեւ համոզումը այն մասին, որ ընկերակցութեան համաձայնագիրէն Ազրպէյճանի հրաժարիլը Ռուսիոյ կողմէ ճնշումի արդիւնք է:

