Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆՇԱՆԱԿԵԱԼ վարչապետ Թամմամ Սալամ շեշտեց, որ 9+9+6 տարազին հիման վրայ կառավարութեան մը կազմութիւնը վերջին հանգրուանին լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ լուրջ քննարկումի արժանացած է:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պէյրութի իրանեան դեսպանատան դէմ գործուած պայթումը բծախնդրութեամբ կազմակերպուած է` աւելցնելով, որ նման գործողութիւններ պիտի շարունակուին:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Իրանի միակ յանցանքը այն է, որ ան իսլամական յեղափոխութեան արձանագրած յաղթանակէն ետք զօրակցած է պաղեստինեան հարցին: «Իրան լուռ պիտի չմնայ Պէյրութի իր դեսպանատան դէմ գործուած պայթումին առումով եւ իր ձեւով պիտի պատասխանէ», ըսաւ Ապատի:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձնողը ոչ արհեստավարժ մէկը չէ, ընդհակառակն` կրնայ տակաւին երրորդ մը եւ չորրորդ մը գոյութիւն ունենալ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ Լիբանանի ապագան որոշել, առանց Դիմադրութեան մասնակցութեան եւ ներկայութեան:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ աւագ քննիչ դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ Հայաթ հիւանդանոցին մէջ հարցաքննեց Օժանդակութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Իպրահիմ Պաշիրի կինը, որուն դէմ արձակեց զայն բերման ենթարկելու գիր:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, Զապատանիի մէջ սպաննուած են Սուրիոյ ընդդիմութեան կողքին կռուող երկու լիբանանցիներ:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ կոչ ուղղեց խօսքի եւ կեցուածքի միասնականութեան` դիմադրել կարենալու համար շրջանին եւ Լիբանանին սպառնացող վտանգներուն:
ՍՈՒՐԻԱՅԷՆ Լիբանան ուղղուող փոխադրակառք մը երէկ առաւօտեան Թըպպանէի մօտակայքը ենթարկուած է կրակոցի, որուն պատճառով վիրաւորուած է անոր վարորդը:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, այս հանգրուանին չէ նախատեսուած, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ազգային երկխօսութեան նախաձեռնութիւն մը առաջադրէ:
ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի յայտնեց, որ Արսալ կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ սուրիացի ժողովուրդին յեղափոխութեան:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերու մօտիկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած վերջին յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, թէ անոր շրջանային պարտականութիւնը կը մնայ նոյնը:
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրանեան դեսպանատունը պայթումի թիրախ դարձնելու թղթածրարը պիտի չփակուի:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, ապահովական աղբիւրներ շեշտած են, որ իրանեան դեսպանատան դէմ օգտագործուած ականուած ինքնաշարժը սուրիական Եապրուտ գիւղաքաղաքին մէջ պատրաստուած է: