Շարպել-Ապատի Հանդիպում

Շարպել եւ Ապատի կը խօսին լրատուամիջոցներուն

Շարպել եւ Ապատի կը խօսին լրատուամիջոցներուն

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ այցելեց Պէյրութի իրանեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Շարպել յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը, ապահովական կառոյցներն ու լիբանանեան պետութիւնը իրենք զիրենք կը դնեն իրանեան դեսպանատան տրամադրութեան տակ` ընդգծելով, որ այդ պայթումները իրանեան պետութիւնը թիրախ դարձնող ահաբեկչական արարքներ են:

Ան խստիւ դատապարտեց պայթումները եւ մաղթեց, որ Լիբանան ըլլայ ազատութեան, անկախութեան, ժողովրդավարութեան եւ ներողամտութեան երկիրը:

«Պայթումներուն պատճառած բոլոր զոհերը կը նկատուին Լիբանանի անկախութեան պահպանումին ճամբուն վրայ ինկած նահատակներ», ըսաւ Շարպել` շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով բոլոր վիրաւորներուն:

Շարպել շեշտեց, որ պայթումներուն գծով բացուած հետաքննութիւնը դրական արդիւնքներ կ՛արձանագրէ` աւելցնելով, որ իրենք այդ մասին տեղեակ կը պահեն Ապատին:

Հանդիպումէն ետք Ապատի բարձր գնահատեց լիբանանեան ապահովական կառոյցին, բանակին, ներքին ապահովութեան ուժերու կառոյցին եւ անոր պատկանող տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը` յանգելու համար Պիր Հասանի մէջ գործուած պայթումները ծրագրող կողմերուն յայտնագործման եւ բացայայտելու համար գործուած պայթումներուն դրդապատճառները:

Ապատի շեշտեց, որ իրանեան եւ լիբանանեան փոխադարձ գործակցութիւնը առկայ է եւ պայթումներուն դրդապատճառները բացայայտելու իմաստով ճիգ պիտի չխնայուի:

Share this Article
CATEGORIES