Ֆայեզ Ղոսըն Ընդունեց Իրլանտայի Պաշտպանութեան Նախարարը
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ ընդունեց Իրլանտայի պաշտպանութեան նախարար Ալեն Շաթըրը, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Պէյրութ:
Հանդիպումէն ետք Ղոսըն շեշտեց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ քաղաքական լուծում մը գտնելու առումով գոյացած միջազգային համախոհութիւնը կրնայ նպաստել պատերազմի աւարտին` աւելցնելով, որ յստակ է արդէն, որ այդ պատերազմը դարձած է ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ:
Նշենք, որ իրլանտացի պաշտօնատարը հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ եւ պիտի այցելէ հարաւային Լիբանան` ստուգելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իրլանտական զօրամասը:
CATEGORIES Լիբանանեան

