Ժոմպլաթ. «Իրանեան Դեսպանատունը Պայթումի Թիրախ Դարձնելն Ու Սուրիոյ Մէջ Հըզպալլայի Միջամտութիւնը Իրարու Առնչելը Սխալ Է»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» շաբաթաթերթի իր սիւնակին մէջ նշեց, որ անկախութեան տօնին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի արտասանած խօսքը, թէ լիբանանեան որոշ կողմեր պետութեան տրամաբանութենէն դուրս են եւ կը միջամտեն քոյր երկրի մը զինեալ բախումներուն, կը հակադրուի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութեան` նկատի ունենալով, որ ան կոչ ուղղած էր Սուրիոյ տագնապին լիբանանեան միջամտութեան վերջ տալու:

«Այս երկու կեցուածքները կը հանդիպին մեր յայտարարած այն կեցուածքին շուրջ, որ անհրաժեշտ է շտկել Դիմադրութեան զէնքին ուղղութիւնը եւ զայն վերադարձնել իր հիմնական ուղղութեան` օգտուելով անոր փորձառութենէն եւ անոր կարողութիւնները տրամադրելով լիբանանեան պետութեան, որպէսզի կարենայ դիմադրել Իսրայէլի` որդեգրելով պաշտպանութեան ազգային ամբողջական ծրագիր մը», նշեց Ժոմպլաթ:

Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ շեշտեց, որ իրանեան

դեսպանատունը թիրախ դարձնելը եւ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի միջամտութիւնը իրարու առնչելը սխալ է` աւելցնելով, որ պէտք է զգուշանալ հաւատադրժողական շարժումներէն, որովհետեւ նախապէս անոնք, որոնք ստեղծած էին այդ շարժումները, չկրցան զսպել զանոնք:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ պէտք է լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան մակարդակը բարձրացնել:

 

Share this Article
CATEGORIES