Սեն Ժոզեֆ Համալսարանին Մէջ Կ՛արձանագրուի Միջադէպ Մը

U-S-JՍեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ երէկ արձանագրուեցաւ անձնական արարք մը, որ կրնար ամբողջ համալսարանը քանդել:

Բանավէճին եւ լիբանանեան քաղաքական տարբեր կողմերու ուսանողական թեւերուն միջեւ արձանագրուած վարկաբեկիչ արտայայտութիւններուն պատճառը անոնց միջեւ առկայ սուր երկփեղկումն է:

Երկփեղկումին կողքին, այդ լարուածութեան հիմնական պատճառը այն էր, որ համալսարանին պատերուն վրայ գրուած էր Շարթունի մականունը եւ անոր կողքին գծուած սիրտ մը:

Այս իրականութիւնը ստեղծեց փոթորիկ մը` նկատի ունենալով, որ Շարթունի մականունը կրող անհատը` Հապիպ Շարթունին է, որ հանրապետութեան նախկին նախագահ Պաշիր Ժեմայէլի սպանութիւնը գործող ոճրագործն է:

Տակաւի՛ն, խօսուեցաւ նաեւ այլ պատճառի մը մասին, ըստ որուն անցեալ շաբաթավերջին համալսարանին մէջ կատարուած ուսանողական միութիւններու ընտրութիւններուն ընթացքին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը արձանագրած են յաղթանակներ, զորս կը մերժեն ճանչնալ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու հետեւորդ ուսանողները:

Համալսարան յաճախող Փաղանգաւոր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն ուսանողները Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի ուսանողները դատապարտեցին այդ յանցանքով, իսկ անոնք իրենց կարգին հերքեցին այդ մէկը` շեշտելով, որ իրենց նպատակը համալսարանին տիրանալ կամ խորհրդանիշներ ծաղրել չէ:

Էշրեֆիէի մէջ բռնկած այս միջադէպին ի տես, համալսարան ժամանեցին երեսփոխաններ Նատիմ Ժեմայէլ եւ Միշել Ֆարաոն, սակայն բանակը կոչ ուղղեց անոնց վերադառնալու իրենց աշխատանքին` յաւելեալ կերպով չսրելու համար ուսանողներուն միջեւ լարուածութիւնը:

Երեկոյեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ գործող համալսարանի մը մէջ արձանագրուած լարուածութիւնը պարզապէս բանավէճ մըն էր եւ լուտանքներ արձակելու միջադէպ մը, որուն համար կարիք չկար բանակն ու ապահովութեան ուժերը կանչելու:

«Բանակին կամ ապահովութեան ուժերուն կողմէ համալսարան մուտք գործելը համալսարանի տնօրէնութեան արտօնութեան կը կարօտի: Թէեւ նման բան չէր պատահած, սակայն բանակի զօրամաս մը հասած էր համալսարան` կանխարգիլելու համար հարցին բարդացումը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Սեն Ժոզեֆ համալսարանին տնօրէնութիւնը Իւվլենի իր մասնաճիւղը այսօր փակ պիտի պահէ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Իւվլենի մէջ պատահած միջադէպին ակնարկելով յայտնեց, որ ժողովրդավարութեան ամէնէն պարզ օրէնքները կը պարտադրեն ընդունիլ ընտրութեան արդիւնքները եւ ոչ թէ մերժել այս կամ այն կողմին յաղթանակը, ու զայն հարցականի տակ առնել:

Նախագահ Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար մարուան Շարպելի, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ու համալսարանի նախագահ հայր Սելիմ Տաքքաշի հետ եւ շեշտեց, որ համալսարաններուն մէջ կատարուող ընտրութիւնները պէտք է մնան Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութեան լաւագոյն օրինակները:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երիտասարդական թեւը խստիւ դատապարտեց Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ լիբանանեան խորհրդանիշ Պաշիր Ժեմայէլի դէմ գործուած այս վարկաբեկումը:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ուսանողները պահանջեցին հետաքննութիւն բանալ այդ մասին եւ պատժել յանցագործները, ո՛վ որ ալ ըլլան անոնք:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պահանջեց հետաքննութիւն բանալ եւ խստիւ մերժել Հըզպալլայի ուսանողներուն վարուելակերպը` շեշտելով, որ անոնք ահաբեկած են ուսանողները:

Ժահժահ նշեց, որ համալսարանին տնօրէնութիւնը պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները, իսկ ներքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները պէտք է յստակ ցուցմունքներ տան եւ զսպեն նման երեւոյթներ:

Իր կարգին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, իր խօսքը ուղղելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի, հարց տուաւ անոր, որ ան կ՛ընդունի՞, որ լիբանանցիներուն համար ազգային խորհրդանիշ մը` Պաշիր Ժեմայէլը վարկաբեկուի:

«Դուն ալ լիբանանցիներուն համար ազգային խորհրդանիշ մըն ես. կ՛ընդունի՞ս, որ քեզի ալ նոյն ձեւով վարկաբեկեն», հարց տուաւ Ժեմայէլ:

Սամի Ժեմայէլ հաստատեց, որ Սեն Ժոզեֆը այն համալսարանն է, ուր Պաշիր Ժեմայէլ ուսանած է, «եւ անոր դիմագիծը ոչ ոք կրնայ փոխել», ըսաւ ան:

Share this Article
CATEGORIES