Նախագահ Սլէյման Շարպելի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Իրադարձութիւնները

Նախագահ Սլէյման եւ Շարպել

Նախագահ Սլէյման եւ Շարպել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին կայունութեան նպատակով ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները:

Հանդիպումին ընթացքին Շարպել նախագահ Սլէյմանի ներկայացուց Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ պետական նախարար Ալի Քանսոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Սահնաուի, որ ներկայացուց նախարարութեան կատարած աշխատանքները` արգիլելու համար Լիբանանի մէջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընթացքին լսուող խշշոցները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ Տըննիէի երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթ, Քասեմ Ապտել Ազիզ եւ Քազեմ Խէյր, որոնք նախագահ Սլէյմանի փոխանցեցին Տըննիէի կարիքները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ նախկին նախարար Սլէյման Թրապուլսի եւ նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ:

Share this Article
CATEGORIES