Համաեւրոպական Ֆոնոթոնը Արձանագրեց 1.460.000 Եւրօ Նուիրատուութիւն

himnatram21-24 նոյեմբերին Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած համաեւրոպական ֆոնոթոնը արձանագրած է 1 միլիոն 460 հազար եւրոյի նուիրատուութիւն եւ նուիրատուութեան խոստում, որ գերազանցած է նախորդ տարուան ցուցանիշը շուրջ 40.000 եւրոյով: Այս մասին կը յայտնեն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն:

Յայտնենք, որ ֆրանսայի հայ համայնքին կողմէ նուիրաբերուած գումարներով պիտի շարունակուի համայնքային կեդրոններու կառուցումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ աջակցութիւնը սուրիահայ հայրենակիցներուն, իսկ Հայաստանի մէջ պիտի ընդլայնուին գիւղատնտեսութեան խթանման ուղղուած նախաձեռնութիւնները Տաւուշի մարզի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES