Միացեալ Նահանգներ Եւ Հայաստան Կ՛ընթանան Դէպի Աւելի Հասուն Յարաբերութիւններ

Ճոն Հեֆըրն
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը, մեկնաբանելով տնտեսական հարցերով հայ-ամերիկեան միջկառավարական աշխատանքային խմբակի նիստին արդիւնքները, News.am-ին յայտնած է, որ գրասենեակը կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տնտեսական երկխօսութեան տեղափոխումը «Նուիրատու-ստացող» հարթութենէն գործնական գործողութիւններու հարթութիւն, որոնք ուղղուած են երկկողմանի առեւտուրին եւ ներդրումային գործընկերութեան:
«Մենք կ՛ողջունենք այդ հանդիպումը, որ հայ-ամերիկեան տնտեսական յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ դրական ջրբաժան կը հանդիսանայ: Բանակցութիւններու արդիւնքները կը խոստանան քաղաքականութեան մակարդակի եւ աւելի գործնական մակարդակի վրայ զգալիօրէն ընդլայնել առեւտրական եւ ներդրումային գործընկերութիւնը, ապագային կայուն աճի համար հիմք կը հանդիսանան», ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Քեն Խաչիկեան:
Մեկնաբանելով հանդիպման արդիւնքները` Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն նշած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Հայաստանը կ՛ընթանան դէպի աւելի «հասուն յարաբերութիւններ», ինչպէս նաեւ կը հեռանան «Նուիրատու-ստացող» բնորդէն ու կը կեդրոնանան գործընկերութեան բնորդին վրայ, որ կը ներառէ նաեւ օգնութիւն»:

