Ապտելմասիհ Եւ Հաննա` «Սքոր»-ի Այսօրուան Հիւրերը
Իւրաքանչիւր երեքշաբթի օր, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակիօրէն պատկերասփռուող «Սքոր» մարզական յայտագիրին այսօրուան հիւրերը պիտի ըլլան Սաժես Պէյրութի ընդհանուր քարտուղար Ժոզեֆ Ապտելմասիհ եւ վարորդ Թանի Հաննա: Առաջինը պիտի խօսի Սաժես Պէյրութի նոր ընտրութիւններուն մասին, իսկ երկրորդը` Իտալիոյ մէջ «Ֆեռարի» բաժակի մրցաշարքին իր մասնակցութեան մասին:
Յայտագիրը, որ պիտի սկսի ժամը 23:00-ին, կը վարէ մարզական լրագրող Նեժիպ Քահի:
CATEGORIES Մարզական