Մովսիսեան Մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ` Վիրաբուժութեան Համար
Իր լուրը քաղելով Սպարտակ Մոսկուայի պաշտօնական կայքէջէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ ակումբի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ` ծունկի վիրաբուժութեան ենթարկուելու համար:
Ակումբին բժիշկին համաձայն, այսօր ան քննութիւններու պիտի ենթարկուի, որպէսզի յստակ դառնայ անոր վիրաբուժութեան օրը:
Ռուսական ակումբին համաձայն, այս տարեշրջանը աւարտած է արդէն Մովսիսեանի համար:
CATEGORIES Մարզական

