Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէին Նախագահը Փափաք Յայտնած Է Այցելելու Հայաստան

kakigArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ կը յայտնէ, որ նախորդ շաբաթ Հռոմի մէջ (Իտալիա) տեղի ունեցաւ Եւրոպայի ողիմպիական կոմիտէի նախագահի ընտրութիւնը, որուն ընթացքին միաձայնութեամբ նախագահ վերընտրուեցաւ Փաթրիք Հիքէն:

Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքէջին երէկ հրապարակած լուրին մէջ նշուեցաւ, որ Եւրոպայի ողիմպիական կոմիտէի համագումարին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան, նախագահի խորհրդական Ռուբէն Հայրապետեան եւ վարչութեան նախագահ Գաբրիէլ Ղազարեան:

Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան պաշտօնական հանդիպումներ ունեցաւ Կիպրոսի, Էսթոնիոյ, Լեհաստանի, Սլովաքիոյ, Լաթվիոյ եւ Լիթուանիոյ ազգային ողիմպիական կոմիտէներու նախագահներուն հետ:

Կողմերը իրարու հետ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան պայմանագիրեր ստորագրած են: Յառաջիկային հայ մարզիչներուն համար, Հայաստանի եւ արտասահմանի համապատասխան երկիրներուն մէջ պիտի կազմակերպուին մասնագիտական խորհրդակցութիւններ: Տարբեր մարզաձեւերու Հայաստանի հաւաքականները եւ առանձին մարզիկները ուսումնամարզական միացեալ հաւաքներ պիտի կատարեն:

Գագիկ Ծառուկեան եւ միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ դռնփակ հանդիպում մը ունեցան:

Պախ ցանկութիւն յայտնեց այցելելու Հայաստան, ծանօթանալու մարզաշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ եւ տեսնելու Հայաստանի մարզակառոյցները:

Նշենք, որ այդ համագումարին մասնակցողները հրաժեշտ տալու օրը, այցելեցին Վատիկան եւ տեսակցեցան Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES