Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Նուիրուած Փինկ Փոնկի Մրցաշարք. Հալլալ, Հատտատ Եւ Ժումհա Տիտղոսակիր` Սայտայի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան համալսարանի Սայտայի մասնաճիւղին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Սայտայի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան նուիրուած փինկ փոնկի մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 54 երկսեռ փինկ փոնկ խաղացողներու, որոնք կը ներկայացնէին 11 համալսարաններ:
Չդասուած խաղացողներուն մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Խալիլ Հալլա (Լիբանանեան համալսարան), դասուածներուն մէջ առաջին հանդիսացաւ Թամիմ Հատտատ (Պէյրութի արաբական համալսարան), իսկ աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ Հանեմ Ժումհա:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Մրցումներուն հսկեց Պիլալ Ժումհա:
CATEGORIES Մարզական

